ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՂԻՍԿՈՊՈՍ ՕԾԵՑ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐ ԽԱՉԸ

Շաբաթ, 22 Փետրուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցեցաւ Ս. Պատարագին Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Պրիթըն, Քընէթիքըթ)։ Ս. Պատարագը մատուցանեց Արժպ. Տ. Արամ Ա. Քհն. Ստեփանեան՝ եկեղեցւոյ պատուակալ հովիւը։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Սուրբ Միւռոնով օծեց եկեղեցւոյ բնատիպ խաչի կրկնօրինակը, որ շուտով պիտի զետեղուի եկեղեցւոյ մուտքի գագաթին։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց հոգաբարձութեան հետեւողական աշխատանքը եկեղեցւոյ վերանորոգման եւ ծխական կեանքի վերաշխուժացման համար, առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ Հոկտեմբերին տօնախմբելու եկեղեցւոյ հիմնադրման 100ամեակը։ Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն։
Հաճելի անակնկալ մը խանդավառեց ներկաները, երբ ծննդեան տարեդարձի կարկանդակ բերուեցաւ 104 տարեկան ծխական՝ տիկ. Սիւզըն Քոչունասին, եւ կարդացուեցաւ քաղաքապետին կողմէ յայտարարագիրը այդ առիթով։ Նաեւ Սրբազան Հայրը ներկայացուց նոյն առիթով Առաջնորդարանի կողմէ բարեմաղթութեան գիր մը։