Առաջնորդարանէն

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆԱՑ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ Ս. ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Երեքշաբթի, 25 Փետրուարին, Ս. Ղեւոնդեանց տօնին առիթով տեղի ունեցաւ հոգեւորականներու համագումար Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։ Համախմբումի բացումը կատարուեցաւ Տէրունական Աղօթքով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ դիւանի ընտրութիւն, յանձինս Արժպ. Տ. Պետրոս Ա. Քհն. Շիթիլեանի (ատենապետ)՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ, եւ Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեանի (ատենադպիր)՝ Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ (Կլենվիւ, Իլինոյ) հոգեւոր հովիւ։ Խօսք առնելով, Արժպ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ. Թրթռեան՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, բարի գալուստ մաղթեց իր հոգեւոր եղբայրներուն, յայտնելով, թէ այս հանդիպումը օգտաշատ կ՚ըլլայ ո՛չ միայն հոգեւորականներուն, այլ արդիւնքը կը տարածուի եկեղեցիներէն ներս։ Այնուհետեւ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ողջունեց բոլոր եկեղեցականները, գոհունակութիւն յայտնեց եւ գնահատեց անոնց անձնուէր ծառայութիւնը, յոյս յայտնելով, թէ համագործակցութեան ոգիով մեր գաղութները առաւել եւս կ՚ամրանան եւ կը բարգաւաճին, միաժամանակ օժանդակութեան հասնելով Հայրենիքի եւ Միջին Արեւելքի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն։

Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան՝ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ (Տիրպորն, Միշիկըն) հոգեւոր հովիւ, ընթերցեց 2025ի հայրապետական հռչակագիրը աւանդութիւններու վերակենսաւորման մասին եւ լուսարձակի տակ բերաւ Վեհափառ Հօր կողմէ թելադրուած գործնական կէտերը, որոնցմով մեր գաղութները առաւել եւս պիտի արմատաւորուին անցեալի մեր հարուստ ժառանգութեան մէջ՝ ի խնդիր ապագայի։

Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա) հոգեւոր հովիւ՝ ներկայացուց առաջին դասախօսութիւնը՝ «Աւանդութեանց վերակենսաւորում» նիւթով։ Հայր Սուրբը գործնական առաջարկներ կատարեց այժմէականացնելու համար կարգ մը աւանդութիւններ, որոնք աւելի կենսունակ կը պահեն համայնքային մեր կեանքը։ Իր անձնական փորձառութենէն մեկնելով, Հայր Սուրբը յայտնեց, թէ մեր ժողովուրդը միշտ գնահատողը եղած է նման ձեռնարկներու, որոնք առաւել եւս կ՚ամրացնեն քրիստոսարմատ մեր հաւատքը։

Յայտագիրը շարունակուեցաւ երեկոյեան ժամերգութեամբ եւ Ս. Պատարագով։ Պատարագեց ու քարոզեց Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան։

Չորեքշաբթի, 26 Փետրուարի առաւօտ համագումարը վերսկսաւ ժամերգութեամբ եւ խորհրդածութեամբ, զոր կատարեց Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըգճեան՝ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) հոգեւոր հովիւ։ Երկրորդ դասախօսութիւնը ներկայացուց Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան՝ Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ, խօսելով Նիկիոյ հանգանակին մասին։ Դասախօսը անդրադարձաւ հանգանակի աղբիւրներուն, բացատրեց հանգանակի գործածութիւնը մեր եկեղեցւոյ մէջ եւ բաղդատականը կատարեց քրիստոնէական այլ եկեղեցիներու հետ։

Գլխաւոր դասախօսութիւններէն ետք, տեղի ունեցաւ օգտաշատ զրոյց ծիսական կեանքի վերաբերեալ հարցերու շուրջ, ինչպէս նաեւ հովուական կեանքի փորձառութեանց փոխանակում։

Համագումարը վերջ գտաւ «Աշակերտ Քրիստոսի» շարականով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով։