ՎԱՉԷ ՎՐԴ. ՊԱԼԸԳՃԵԱՆ ՍՏԱՆՁՆԵՑ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒԻ ՊԱՇՏՕՆԸ

Կիրակի, 23 Փետրուարին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցեցաւ Ս. Պատարագին Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Որպէս հոգեւոր հովիւ, իր անդրանիկ պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան։
Այս առթիւ, Սրբազան Հայրը, յանուն Թեմիս Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներուն, շնորհաւորեց Հայր Սուրբը պատասխանատու այս պաշտօնին կոչման առթիւ եւ մաղթեց, որ հօտ եւ հովիւ ներդաշնակ գործակցութեամբ վերաշխուժացնեն եկեղեցւոյ հոգեւոր, մշակութային, ընկերային բազմերանգ գործունէութիւնը։ Ան նաեւ ուրախութեամբ յայտնեց, թէ նախորդ հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեան, եպիսկոպոս ձեռնադրուած էր նոյն առաւօտուն, ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։