Առաջնորդարանէն

ԴՊԻՐՆԵՐՈՒ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ Ս. ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ

Կիրակի, 2 Մարտին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս,  պատարագեց ու քարոզեց Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ)։ Յընթացս Ս. Պատարագի, Սրբազան Հայրը դպիր ձեռնադրեց Արամ Աթթարեանը եւ Տարօն Դարբինեանը եւ իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, այս մատղաշ պատանիները, որոնք սիրայօժար կերպով ամէն Կիրակի կը մասնակցին Սուրբ Պատարագին, արժանի եղան եկեղեցական կարգ ստանալու։ Ան, անդրադառնալով ծառայութեան ոգիին, յայտնեց, թէ բոլորս ալ, եկեղեցական կրտսեր աստիճանէն մինչեւ բարձրագոյնը, ծառաներ ենք Աստուծոյ եւ որպէս այդպիսին պէտք է պատիւ համարենք, որ անարժանաբար Արարիչ եւ Ամենակալ Աստուծոյ ծառայութեան դաշտին մէջ կը գտնուինք։ Նաեւ անդրադարձ Վարդանանց օրուան խորհուրդին, յայտնելով, թէ բոլորս ալ Քրիստոսի հաւատքի զինուորներ ենք բարի պատերազմը մղելու։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Սեղանի օրհնութենէն ետք, խօսք առաւ հոգաբարձութեան ատենաղետ Լեւոն Աթթարեան, որ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, հակիրճ պատկերը տուաւ եկեղեցւոյ տարեկան գործունէութեան։ Հայկական տոհմիկ երգեր հրամցուցին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայի եւ «Մուրատ» ազգային վարժարանի աշակերտները, ինչպէս եւ «Աղ եւ լոյս» (Salt and Light) խմբակի անդամ-անդամուհիները։

Ազգային Առաջնորդարանի գնահատագիր ստացան եկեղեցիէն ներս իրենց ծառայութեան համար տիկ. Նորին Մելիքեան-Լաֆազիա եւ Մարք Ա. Սրկ. Նորիկեան։ Այնուհետեւ, Ռոտ Այլընտ նահանգի ծերակուտական Տէյվիտ Թիքոյեան շնորհաւորեց համայնքի անդամները եւ եկեղեցւոյ աշխոյժ գործունէութիւնը։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեան, լուսարձակի տակ բերաւ օրուան գնահատագիր ստացողները, որոնք օրինակելի եղած են իրենց ծառայութեամբ, եւ ուրախութիւն յայտնեց, որ նոյն ոգիին ինք վկայ է առհասարակ բոլոր ծխականներու գործունէութեան մէջ։

Հուսկ, Սրբազան Հայրը յայտնեց իր ջերմ գնահատանքը եկեղեցւոյ բոլոր մարմիններուն, որոնք մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորած էին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր հովուապետական այցելութեան առթիւ։ Ան նաեւ գնահատեց եկեղեցւոյ մարմիններու եւ քոյր կազմակերպութեանց օրինակելի համագործակցութիւնը եւ վեր առաւ գաղութի աւանդապահ ոգին։

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Կիլիկիա» երգով եւ Պահպանիչով։