Մեր ծուխերէն

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐՈՒ ՄՐՑՈՅԹ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 27 Փետրուարին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին մեծ յաջողութեամբ կազմակերպեց հայկական գիտելիքներու մրցոյթ մը։ Կազմակերպութիւնը ստանձնած էին հոգաբարձութեան երկու երիտասարդ անդամներ՝ Ռաֆֆի Գրիգորեան եւ Դաւիթ Թորոսեան։ Աւելի քան 50 հոգի մասնակցեցան, բաժնուած՝ 9 խումբերու, որոնք ցուցադրեցին իրենց գիտելիքները հայկական ամենատարբեր նիւթերու մասին։ Տեղի ունեցան հինգ հանգրուաններ, ինչպէս եւ յաւելեալ հանգրուան մը, եւ յաղթական խումբը նուէր ստացաւ Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեանի հայկական խորհուրդներու եւ տօներու նուիրուած գիրքը եւ յատուկ բաժակներ։