ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏՈՀՄԻԿ ՃԱՇԵՐՈՒ ԵՐԵԿՈՅ ՌԷՅՍԻՆԻ ՄԷՋ

Շաբաթ, Մարտի 1ի երեկոյեան, մեծ թիւով հիւրեր վայելեցին հայկական տոհմիկ ճաշերու խանդավառ երեկոյ մը, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ (Ռէյսին, Ուիսքանսըն) ներքնասրահին մէջ, Բուն Բարեկենդանի առիթով։
Եկեղեցւոյ այցելու հովիւ՝ Արժպ. Տ. Զարեհ Ա. Քհն. Սահակեանի կողքին, ներկայ էին նաեւ Ռէյսինի Ս. Մեսրոպ էջմիածնական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ․ Տ․ Աւետիս Քհն․ Գալայճեան ու երէցկին Քարէն, ինչպէս եւ բազմաթիւ ծխականներ։
Տի. Ճէյ. Հարրի Թորեան սիրայօժար կերպով ստանձնած էր յիշատակելի այս երեկոյի երաժշտական բաժինը։