ՆԵՐՍԷՍ Ա. ՔՀՆ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆԻ ԵՐԿԼԵԶՈՒ ՆՈՐ ՀԱՏՈՐԸ

Ազգային Առաջնորդարանի «Սիս» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է երկլեզու նոր հատոր մը, զոր հեղինակած է Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեան՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա) պատուակալ հոգեւոր հովիւ։ «Հաւատով խոստովանիմ». աղօթքի գեղեցկագոյն նմոյշը» խորագրուած այս գրքոյկով հեղինակը կ՚անդրադառնայ աղօթքի կարեւորութեան եւ կը վերլուծէ Ս. Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքը, նպատակ ունենալով հայ հաւատացեալին աւելի մատչելի դարձնել զայն։
Գիրքը տրամադրելի է Ազգային Առաջնորդարանի գրախանութէն եւ կարելի պատուիրել առցանց, սեղմելով այստեղ կամ գրելով books@armenianprelacy.org հասցէին։