Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՇՆՈՐՀՔ ԱՐՔ. ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ (մահ՝ 7 Մարտ, 1990)

Շնորհք արք. Գալուստեան աւելի քան հինգ տասնամեակի բեղուն գործունէութիւն ունեցած է Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, Երուսաղէմէն մինչեւ Ամերիկա եւ մինչեւ Պոլիս, ուր գահակալած է իբրեւ Պատրիարք 29 տարի։

Աւազանի անունով՝ Արշակ, ծնած է 27 Սեպտեմբեր, 1913-ին Իյտէլի գիւղը (Եոզղատ)։ Ցեղասպանութեան օրերուն, կորսնցուցած է հայրը եւ բաժնուած է մօրմէն։ 1922-1927ին տեղաւորուած է Կեսարիոյ Թալաս գիւղի ամերիկեան քոլէճին, որ այդ օրերուն որպէս որբանոց գործած է, Լիբանանի Նահր Իպրահիմի եւ Նազարէթի (Պաղեստին) ամերիկեան որբանոցներուն մէջ:

1927-ին ընդունուած է Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանը եւ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, 1932-ին ձեռնադրուած է սարկաւագ, իսկ 1935-ին՝ աբեղայ, ձեռամբ Երուսաղէմի Պատրիարք Թորգոմ արք. Գուշակեանի, ստանալով Շնորհք անունը։ 1936-1937-ին Ժառանգաւորաց տեսչութիւնը վարելէ ետք, 1937-ին նշանակուած է Սրբոց Յակոբեանց տպարանի տեսուչ եւ «Սիոն» պաշտօնաթերթի փոխ-խմբագիր։  Նոյն թուականին, ձեռամբ Թորգոմ պատրիարքի ստացած է վարդապետութեան չորս աստիճանները։

Հայֆայի եւ շրջակայքի հոգեւոր հովուութիւնը վարելէ ետք, 1941-1945-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքի տեսուչ եղած է։ 1945-1948-ին Լոնտոնի հայոց հոգեւոր հովիւ եղած է, իսկ 1948ին փոխադրուած՝ Նիւ Ճըրզի, ուր 1948-1951-ին Ս. Ղեւոնդեանց (Փաթըրսըն), իսկ 1950-1955-ին Ս. Մարիամ (Իրվինկթըն) եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եղած է։ 1952-ին ծայրագոյն վարդապետի աստիճան ստացած է ձեռամբ Տիրան արք. Ներսոյեանի։ Ամերիկա ծառայութեան տարիներուն խմբագրած է «Կանթեղ» եւ «Հայաստանեայց Եկեղեցի» կրօնական թերթերը։

1956-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուած է ձեռամբ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ Միացեալ Նահանգներ վերադառնալու ժամանակ Պոլիս կեցած ու 33 տարուան բաժանումէ ետք առաջին անգամ հանդիպած մօրը՝ իր ընտանիքէն միակ վերապրողը։ 1957-ին Երուսաղէմի պատրիարքարանի լուսարարապետ ընտրուած է եւ պաշտօնը վարած է մինչեւ 1960։ Այդ ժամանակաշրջանին վարած է «Սիոն»ի խմբագրութիւնը։

1960-ին, Երուսաղէմի Պատրիարքութեան խառնակ շրջանին, ստիպուած լքած է Երուսաղէմը եւ Կիպրոսի վրայով անցած է Պոլիս: Պատրիարք Գարեգին արք. Խաչատուրեանի վախճանումէն ետք, Հոկտեմբեր 1961-ին ընտրուած է Պոլսոյ հայոց պատրիարք եւ շուտով Վազգէն Ա. Կաթողիկոս արքութեան պատիւ շնորհած է անոր։

Շնորհք Պատրիարքի գահակալութեան տարիներուն սերտացած են Պոլսոյ Պատրիարքութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի կապերը: Անոր ջանքերով, Պոլսոյ մէջ բազմաթիւ եկեղեցիներ ու դպրոցներ վերանորոգուած են: Պատրիարքարանի նոր դիւանատունը, ինչպէս նաեւ այսօրուան մատենադարանի առաջին յարկը եւ այլ շինութիւններ կառուցուած են: Գնալը կղզիի բարձունքին, հիմնած է «Կազդուրման կայանը»: Կազմած է Գաղթականաց Յանձնախումբ մը, որ հոգ տարած է գաւառէն Պոլիս գաղթած հայութեան բեկորներուն։

1973-ին պարգեւատրուած է Երուսաղէմի Ս. Ղազարի Ասպնջական ասպետներու խաչի շքանշանով:

Շնորհք Պատրիարք վախճանած է 7 Մարտ, 1990-ին, Երեւանի մէջ, Սուրբ Էջմիածին տեղի ունեցած անկումի մը հետեւանքով: Այդ ժամանակ, Հայաստան էր, երկրաշարժէն աղէտեալներու հոգեւոր թէ նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու համար: Մարմինը Պոլիս փոխադրուած եւ 18 Մարտին վերջին օծման արարողութենէն ետք, ամփոփուած է Շիշլիի գերեզմանատան մէջ։

Շնորհք արք. Գալուստեան բեղուն գրիչ ունեցած է։ Անոր գործերուն շարքին են Աւետարաններուն աշխարհաբարի վերածումը, որ չորս առանձին հատորներով լոյս տեսած է 1966-ին, «Մեծ Պահքի Կիրակիներու ոսկի շղթան» (1971), «Գունագեղ Կիրակիներ եւ Հոգեգալուստ» (1972), «Միութիւնը եւ միասնութիւնը կը կազմեն եկեղեցիի էութիւնը» (1973), Ներսէս Շնորհալիի «Թուղթ ընդհանրական»ի եւ «Յիսուս Որդի»ի աշխարհաբարի վերածումները (1973 եւ 1974), «Աւագ Շաբաթ» (1974), «Տաղաւար տօներ» (1976), «Աստուածաշնչական սուրբեր» (1977), «Համաքրիստոնէական սուրբեր» (1978), «Հայազգի սուրբեր» (1982), «Ուխտագնացութիւն եւ հովուապետական այցելութիւն գաւառի մեր եկեղեցիները եւ համայնքները» (1989)։ «Աւագ Շաբաթ» հատորը վերատպուած է Ազգային Առաջնորդարանին կողմէ, 1981-ին։