ԶԱՐԵՀ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ «ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՒԱՏԱՄՔԻ» ՀԱՏՈՐԻ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Նիկիոյ տիեզերական ժողովի (325) 1700-ամեակին առիթով, Ազգային Առաջնորդարանը վերահրատարակած է Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի (1947-2004) «Մեկնութիւն Հայ Եկեղեցւոյ Հաւատամքի» հատորը՝ հայերէն եւ անգլերէն։
Նիկիոյ հանգանակը («Հաւատամք») բոլոր եկեղեցիներու հաւատքի պաշտօնական յայտարարութիւնն է, որ բանաձեւուած ու վաւերացուած է Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովին եւ ապա ընդլայնուած՝ 4-րդ դարուն, ի պատասխան հերձուածողական ուսմունքներու։
Զարեհ Արքեպիսկոպոս Ս. Գիրքի յայտնի մասնագէտ մըն է եւ բարձրօրէն գնահատուած անդամ մը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութեան, Աստուածաշունչի եւ շարականներու աշխարհաբարի թարգմանիչ, ինչպէս եւ կրօնական երաժշտութեան երգահան։ Հրատարակած է բազմաթիւ գիրքեր եւ երաժշտական գործեր։
«Մեկնութիւն Հայ Եկեղեցւոյ Հաւատամքի» հատորը, որ առաջին անգամ լոյս տեսած է 2013-ին, հիմնուած է 17 մասերով դասախօսութեան մը, զոր լուսահոգի Զարեհ Արքեպիսկոպոս տուած էր Լիբանանի մէջ, 1999-ին։ Անոր մեկնութիւնը կ՚ուսումնասիրէ Նիկիոյ հանգանակը տող առ տող, Ս. Գրային ամփոփ մեկնաբանութեամբ։ Գիրքը յիշեալ դասախօսութիւններուն ամփոփումը կը ներկայացնէ 17 կարճ գլուխներով. ներածութիւն մը, երեք գլուխներ Հայր Աստուծոյ մասին, եօթը գլուխներ Յիսուս Քրիստոսի անձին եւ առաքելութեան մասին, երեք գլուխներ Սուրբ Հոգիի մասին եւ չորս գլուխներ Եկեղեցւոյ, մկրտութեան եւ վերջին երեւոյթներու մասին (յարութիւն, դատաստան եւ յաւիտենական կեանք)։ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ գործածած միւս հանգանակները ներկայացուած են յաւելուածին մէջ։
Անգլերէն թարգմանութիւնը կատարած է Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան՝ Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան վարիչ։ Վերահրատարակութիւնը հովանաւորած է Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին (Նիւ Եորք)։ Գիրքը տրամադրելի է Առաջնորդարանի գրախանութէն, սեղմելով այստեղ կամ գրելով books@armenianprelacy.org հասցէին։ ։ Գինը՝ 15 տոլար։