Առաջնորդարանէն

Տ. ՄԻՔԱՅԷԼ ՔՀՆ. ՏԷՐ ԽՈՍՐՈՎԵԱՆԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՇԱՐՔԻՆ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 19 Մարտին, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երրորդը Մեծ Պահքի դասախօսութիւններու շարքին, զոր կազմակերպած է Ազգային Առաջնոդարանը Մայր Եկեղեցւոյ գործակցութեամբ։

Հսկումի արարողութենէն ետք, Արժպ. Տ. Միքայէլ Քհն. Տէս Խոսրովեան՝ Ս. Աստուածատին եկեղեցւոյ (Ուայթընզվիլ, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ, խօսեցաւ «Նիկիոյ հանգանակի պատմական շրջագիծը» նիւթին շուրջ։ Ան շեշտը դրաւ տիեզերական եկեղեցւոյ  սկզբնական շրջանի աստուածաբանական վէճերուն վայ, որոնք առաջնորդեցին Նիկիական հանգանակի բանաձեւման ու վաւերացման 325 թուականին։ Դասախօսելու դիտելու համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ։

Չորեքշաբթի, 26 Մարտին, Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան՝ Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ, պիտի ներկայացնէ «Նիկիական հանգանակը. քրիստոնէական հաւատքի հիմնական կէտերու ուսումնական ծրագիր մը»։