Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՓՕԼ ՁԱԽՍՈՒՐԵԱՆ (ծնունդ՝ 26 Մարտ, 1923)

Փօլ Ձախսուրեան ամերիկահայ հրատարակութիւններու մէջ ընտանի ներկայութիւն մը եղած է իր նկարազարդումներով, բայց նաեւ ծանօթ անուն մըն էր ամերիկեան շրջանակներու մէջ։

Ծնած է Նիւ Եորք, 26 Մարտ, 1923-ին, Բալուի Հաւաւ գիւղէն սերած ընտանիքէ մը։ Շրջանաւարտ եղած է ամերիկեան բանակի քարտիսագրութեան դպրոցէն, երբ երեք տարի ծառայած է Բ. Աշխարհամարտին Եւրոպայի մէջ, ուր նաեւ արժանացած է զանազան մետալներու իր օրինակելի վարքին համար։

Պատերազմէն ետք, Փօլ Ձախսուրեան աւարտած է Նիւ Եորքի Mechanics Institute-ը եւ Workshop School of Advertising Art-ը։ Աշխատած է արուեստանոցներու, գովազդի գործակալութիւններու եւ հրատարակչատուներու համար, արտադրելով ծանուցումներ, պատկերազարդումներ, եւ գիրքերու կողքեր։ Բանաստեղծութիւններու անոր նկարազարդումները լոյս տեսած են «Նիւ Եորք Թայմզ»ի, «Հարփըրզ»ի եւ «Նիւ Եորքըր»ի մէջ։ 1957-ին, Ձախսուրեանի պատկերազարդած մէկ գիրքը ընտրուած է իբրեւ American Institute of Graphic Arts-ի տարուան 50 լաւագոյն գիրքերէն մէկը։

Նկարազարդած է ոչ-հայկական նիւթերով շուրջ 15 հատորներ, մեծաւ մասամբ՝ պատանի ընթերցողներու համար։ Նաեւ հայկական նիւթով բազմաթիւ գիրքեր նկարազարդած է, ինչպէս «Սասունցի Դաւիթ»ի Լեւոն Սիւրմէլեանի թարգմանութիւնը (1964), Շիրվանզադէի «Պատուի համար» (1976) եւ «Չար ոգի» (1980) թատերախաղերու Նշան Փառլաքեանի թարգմանութիւնը, եւ շատ մը ուրիշներ։

1964-էն ետք սկսեալ, Փօլ Ձախսուրեանի նկարազարդումները հրատարակուած են «Արարատ» անգլիագիր հանդէսին մէջ, որուն պաշտօնական նկարազարդողը դարձած է 1978-ին։ Ան բազմաթիւ աշխատանքներ կատարած է Ազգային Առաջնորդարանին, էջմիածնական Արեւելեան Թեմին, Հայ Աւետարանակն Եկեղեցւոյ եւ բազմաթիւ այլ կազմակերպութիւններու համար Նիւ Եորքի շրջանին մէջ, իր տաղանդը նուիրաբերելով ազգային գործերուն։

Փօլ Ձախսուրեան մահացած է 2 Հոկտեմբեր, 2016-ին, Նիւ Եորքի երբեմնի Հայկական Ծերանոցին մէջ, եւ թաղուած՝ Սիտըր Կրով գերեզմանատունը (Քուինզ)։