ԿՐԵԿՈՒԱՐ ԱՍԼԱՆ (ծնունդ՝ 28 Մարտ, 1908)

Ֆրանսահայ դերասան ու երաժիշտ Կրեկուար Ասլան բազմակողմանի դերերով աւելի քան 40 տարի ներկայ եղած է շարժանկարներու եւ հեռատեսիլի հաղոդաշարքերու մէջ, ինչպէս եւ բեմին վրայ։
Բուն անունով՝ Գրիգոր Ասլանեան, ծնած է 28 Մարտ, 1908-ին, Պոլսոյ մէջ։ Ընտանեօք փոխադրուած է Փարիզ, ուր իբրեւ երաժիշտ իր առաջին ելոյթը կատարած է 18 տարեկանին՝ Ռէյ Վենթուրայի նուագախումբին հետ, իսկ յետոյ դերասանութեան ասպարէզին մէջ մտած է՝ Գօգօ Ասլան անունով։
Կրեկուար Ասլան աւելի քան 110 շարժանկարի եւ հեռատեսիլի դերեր ստանձնած է 1935-1979 ժամանակաշրջանին։ Անոր առաջին երեւումը շարժապատկերի մէջ տեղի ունեցած է 1935ին՝ Մարք Տիտիէի “Le Billet de mille” ֆիլմով, առանց անունի յիշատակման, իսկ առաջին անգամ յիշատակուած է 1939ին “Feux de foie” շարժանկարին մէջ։ Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, Հարաւային Ամերիկա շրջագայած է դերասան Լուի Ժուվէի հետ եւ ի վերջոյ ստեղծած է իր սեփական թատերախումբը։ Անգլիական եւ ամերիկեան բազմաթիւ շարժանկարներու մէջ դերեր ստանձնած է, մեծաւ մասամբ օտարականներ (ռուս, ֆրանսացի, իտալացի, գերմանացի, ալպանացի եւ միջին արեւելքցի) մարմնաւորելով, համապատասխան բարձր մակարդակով։ 1948-1955ին ամուսնացած է ֆրանսացի դերասանուհի Տընիզ Նոէլի հետ։
Կրեկուար Ասլան վերջին անգամ մեծ պաստառի վրայ երեւցած է 1979ին, հայ քահանայի դերը վերցնելով Փիթըր Պրուքի “Meetings with Remarkable Men” շարժանկարին մէջ, որ հիմնուած էր յունահայ միստիկ Ճորճ Կիւրճիեւի համանուն գիրքին վրայ։ Ան նաեւ բազմաթիւ առիթներով ֆրանսական թատրոնին մէջ խաղացած է 1946-1981 թուականներուն։
Մահացած է սրտի կաթուածի հետեւանքով Քորնուալի մէջ (Անգլիա), 8 Յունուար, 1982-ին։