Featured, Առաջնորդարանէն

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԹԵՄԱԿԱԼ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՆ ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 25 եւ Չորեքշաբթի, 26 Մարտին, հերթական հանդիպումներու շրջածիրէն ներս, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արքեպիսկոպոս,  Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ հիւրընկալեց Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսն ու Գանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեղիսկոպոսը եւ միասնաբար ունեցան երկօրեայ աշխատանքային նիստեր: Հանդիպման առիթով Թեմակալ երկու Առաջնորդները ի սրտէ շնորհաւորեցին Գեղամ Արքեպիսկոպոսի Արեւմտեան Թեմին Առաջնորդ ընտրութիւնը:

Մնայուն օրակարգերու եւ ընթացիկ աշխատանքներու կողքին, առաջնորդները յատուկ կերպով անդրադարձան նաեւ նոր հարցերու, ինչպէս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի Կաթողիկոս ընտրութեան եւ օծման 30-ամեակին նուիրուած փառաշուք հանդիսութեանց կազմակերպումը Հիւսիսային Ամերիկայի համայնքներէն ներս, Նորին Սրբութեան Արեւմտեան Թեմ հովուապետական այցելութիւնն ու արժանաւոր ընդունելութեան կապուած աշխատանքային ծրագիրներու համադրումը, Վեհափառ Հայրապետի կողմէ 2025-ը աւանդութեանց վերակենսաւորման տարի հռչակումն ու հռչակագիրին մէջ ընդգրկուած կէտերու իրականացման ձեւերը, հայ համայնքները յուզող ընկերա-բարոյական զանազան մտահոգութիւններ, եւ այլն:

Չորեքշաբթի առաւօտեան, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Միջինքի արեւագալի արարողութիւն, հանդիսապետութեամբ երեք Թեմակալ Առաջնորդներուն: Հոգեւոր պատգամը տուաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս:

Կէսօրին, Գեղամ Արքեպիսկոպոսի տնօրինումով, Միջինքի սիրոյ սեղանին մասնակից դարձան նաեւ լոսանճելըսաբնակ հոգեւոր հայրերը: Յետ աղօթասացութեան, հոգեւոր հայրերը նաեւ միասնաբար համտեսեցին պահոց աւանդական ուտեստները, ապա ծաւալեցին դաստիարակիչ եւ ուսուցողական զրոյց՝ լուսաբանելով եկեղեցական եւ ծիսական հարցեր: Յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ ամէնօրեայ վարժարաններու աշակերտութեանց համար ժամանակակից եւ արդի մօտեցումով կրօնի դասագիրքեր պատրաստելու անհրաժեշտութիւնը, արձանագրուեցան համապատասխան առաջարկներ: