Featured, Առաջնորդարանէն

ՆԻԿԻԱԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿԸ ԻԲՐԵՒ ՀԱՒԱՏՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ   

Չորեքշաբթի, 26 Մարտին, Մեծ Պահքի դասախօսութիւններու շարքին չորրորդը ներկայացուեցաւ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Դասախօսութիւնները կազմակերպած է Ազգային Առաջնոդարանը Մայր Եկեղեցւոյ գործակցութեամբ։

Հսկումի արարողութենէն ետք, Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան՝ Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ, խօսեցաւ «Նիկիական հանգանակը. քրիստոնէական հաւատքի հիմնական կէտերու ուսումնական ծրագիր մը» նիւթին շուրջ։ Դասախօսութիւնը դիտելու համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ։

Չորեքշաբթի, 2 Ապրիլին, փրոֆ. Մայքլ Փափազեան պիտի խօսի «Հանգանակը այսօր եւ մերօրեայ հերձուածները» նիւթին շուրջ։