Prelacy News

ՀԵՐՁՈՒԱԾՆԵՐԸ ԵԻ ՆԻԿԻԱԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿԸ

Չորեքշաբթի, 2 Ապրիլին, Մեծ Պահքի դասախօսութիւններու շարքին հինգերորդը ներկայացուեցաւ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։ Դասախօսութիւնները կազմակերպած է Ազգային Առաջնոդարանը Մայր Եկեղեցւոյ գործակցութեամբ։

Հսկումի արարողութենէն ետք, փրոֆ. Մայքլ Փափազեան (Պըրրի համալսարան, Ճորճիա) առցանց կերպով խօսեցաւ «Հանգանակը այսօր եւ մերօրեայ հերձուածները» նիւթին շուրջ։ Դասախօսը հակիրճ կերպով անդրադարձաւ հին հանգանակներու ծագման, որոնք յառաջ եկած են աստուածաբանական բանավէճերու հետեւանքով, եւ հին հերձուածողական ուսմունքներուն, որոնք միշտ առկայ են ընկերութեան մտածողութեան մէջ։ Այնուհետեւ, ան շեշտը դրաւ արիոսականութեան երեք մերօրեայ օրինակներու վրայ։ Արիոսականութիւնը հերձուած մըն էր, զոր Նիկիոյ տիեզերական ժողովը մերժած է՝ Նիկիոյ հանգանակը բանաձեւելով 325 թուականին։

Դասախօսութիւնը դիտելու համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ։

Չորեքշաբթի, 9 Ապրիլին, Մեծ Պահքի վերջին դասախօսութիւնը պիտի ներկայացնէ Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան՝ Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ (Կլենվիւ, Իլինոյ) հոգեւոր հովիւ։