ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԱԾ Է ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՒԱՏԱՄՔԻ ՄԵԿՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Ինչպէս հաղորդած էինք, Նիկիոյ տիեզերական ժողովի 1700-ամեակին առիթով, Ազգային Առաջնորդարանը վերահրատարակած է Զարեհ Արք. Ազնաւորեանի «Մեկնութիւն Հայ Եկեղեցւոյ Հաւատամքի» երկլեզու հատորը, որ թարգմանուած է Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ՛ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանի կողմէ։ Ինչպէս առաջին հրատարակութիւնը (2013), երկրորդ հրատարակութիւնն ալ լոյս տեսած է Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւի եւ հոգաբարձութեան մեկենասութեամբ։
Չորեքշաբթի, 2 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, գիրքի առաջն օրինակը նուիրեց Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանին։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Տէր Հօր, ամբողջական նուիրումով գաղութի ծառայութեան կողքին, Ազգային Առաջնորդարանի բարեսիրական, մշակութային ծրագիրներուն յօժարակամ աջակցութեան համար։