Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՎԱՀԱՆ ՊԵՏԵԼԵԱՆ (մահ՝ 3 Ապրիլ, 1990)

Կիպրահայ ջութակահար ու վաստակաւոր ուսուցիչ Վահան Պետելեան երկարատեւ հետք ձգած է, հասցնելով հարիւրաւոր աշակերտներ, որոնք երաժշտութիւնը տարածած են ու կը տարածեն աշխարհի չորս կողմերը։

Պետելեան ծնած է Ատանա, 1894ին, եւ ականատես եղած է 1909ի Ատանայի կոտորածին։ Ուսումը ստացած է Տարսոնի Սէնթ Փօլզ գոլէճին մէջ։ Մեծ Եղեռնին, իր ընտանիքով տարագրուած է Հալէպ։ Բարեկամի մը միջնորդութեամբ, Պետելեան Հալէպի արուեստի դպրոցի երաժշտութեան եւ ջութակի ուսուցիչի պաշտօն ստանձնած է եւ այսպէս յաջողած է 11 հոգինոց ընտանիքը ցեղասպանութենէն փրկել։ 1919ին վերադարձած է Ատանա, ուր շարունակած է ուսումը, միաժամանակ ղեկավարելով նուագախումբ եւ երգչախումբ։ 1920 թուականին տուած է առաջին համերգը։ 1921ին, երբ ֆրանսացիները պարպած են Կիլիկիան, հաստատուած է Կիպրոս, ուր նուիրուած է երաժշտութեան, ջութակի դասերու փնտռուած ուսուցիչ դառնալով։

1932ին յաջորդած է Բարսեղ Կանաչեանին իբրեւ Նիկոսիոյ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան երաժշտութեան ուսուցիչ, ամբողջ 35 տարի պաշտօնավարելով հաստատութեան մէջ։ Միաժամանակ դասեր տուած է Նիկոսիոյ ազգային Մելիքեան վարժարանին, ինչպէս եւ տեղւոյն օտար դպրոցներու եւ երաժշտանոցներու մէջ, հասցնելով ջութակահար եւ խմբավար աշակերտներ։ Լայնօրէն մասնակցած է Կիպրոսի երաժշտական կեանքին իբրեւ ուսուցիչ, ինչպէս նաեւ փողերախումբի, նուագախումբի եւ երգչախումբի ղեկավար։ Իր համերգներով եւրոպական երաժշտութիւնը ծանօթացուցած է հայ հասարակութեան, իսկ հայ երաժշտութիւնը՝ օտար հանրութեան։ Շարունակած է ջութակի մասնաւոր դասեր տալ մինչեւ 1987։

1953-ին Վահան Պետելեան պարգեւատրուած է Անգլիոյ Էլիզապէթ Բ. Թագուհիի գահակալութեան առթիւ, իսկ 1968ին՝ Կիլիկեան Ասպետի շքանշանով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի կողմէ։ 1971-ին Նիկոսիոյ յունական ազգային երաժշտանոցը տօնած է անոր երաժշտական գործունէութեան 50-ամեակը։ 1979-ին Կիլիկիոյ Կաթողիլոսութեան հրատարակութեամբ լոյս տեսած է Վահան Պետելեանի յօրինած խմբերգերու եւ մեներգերու հաւաքածոն։ 1984-ին Կիպրոսի կրթական նախարարութան նախաձեռնութեամբ պաշտօնապէս նշուած է Վ. Պետելեանի ծննդեան 90-ամեակը։

Բեղուն երաժիշտ Վահան Պետելեան իր մահկանացուն կնքած է 3 Ապրիլ, 1990-ին, Նիկոսիոյ մէջ։