Առաջնորդարանէն

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ Հ.Յ.Դ. ԿԵԴՐ. ԿՈՄԻՏԷԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Ուրբաթ, 4 Ապրիլին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Հ. Յ. Դաշնակցութեան արեւելեան շրջանի նորընտիր Կեդր. Կոմիտէի հերթապահ Անի Չաղլասեանի եւ անդամներէն Կարօ Թաշեանի այցելութիւնը։ Սրբազան Հայրը եւ հիւրերը լայն կերպով քննարկեցին արեւելեան շրջանի գաղութներու ներկայ վիճակը, երիտասարդութիւնը ներգրաւելու ջանքերը, ինչպէս եւ հայութիւնը շահագրգռող ընդհանուր հարցեր սփիւռքեան կեանքէն ներս։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց կազմակերպութեան եւ պատկան բոլոր մարմիններուն ցուցաբերած գործակցութեան ոգին, առաջադրելով նորանոր ծրագիրներու իրագործումը՝ խորացնելու մեր արմատները շրջանէս ներս եւ օժանդակելու Հայրենիքի եւ միջին արեւելեան գաղութներու հզօրացման եւ յառաջդիմութեան։