Առաջնորդարանէն

ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԸ ՎԵՐՋ ԳՏԱՒ

Չորեքշաբթի, 9 Ապրիլին, Մեծ Պահքի դասախօսութիւններու շարքը փակուեցաւ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ (Նիւ Եորք), նախագահութեամբ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի։ Այս շարքը կազմակերպած էր Ազգային Առաջնոդարանը Մայր Եկեղեցւոյ գործակցութեամբ։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին ներկայ էր նաեւ Գերշ. Տ. Թորգոմ Արքեպիսկոպոս՝ նախկին Առաջնորդ Արեւմտեան Թեմի։

Դասախօսական շարքին վերջին խօսողն էր Արժպ. Տ. Սամուէլ Քհն. Աճէմեան՝ Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ (Կլենվիւ, Իլինոյ) հոգեւոր հովիւ, որ առցանց կերպով ներկայացուց «Հայց. Եկեղեցւոյ երրորդ հանգանակը. ուղղափառ հաւատքի խոստովանութիւնը» նիւթը։ Տէր Հայրը բացատրեց, թէ նուազ ծանօթ այս հանգանակը կ՚արտասանուի Գիշերային արարողութեան սկզբնաւորութեան, Արեւագալի արարողութեան աւարտին, ինչպէս նաեւ քահանայական ձեռնադրութեան նախօրեակին՝ կոչման արարողութեան ընթացքին։ Ան քննարկեց անոր հնարաւոր ծագումը եւ ընդգծեց հաւատքի հիմնական հաստատումները։

Դասախօսութենէն առաջ, Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան՝ Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր դասախօսներուն, բոլոր անոնց, որ աշխատեցան այս յայտագրի իրականացման եւ հիւրասիրութիւններու հովանաւորներուն։ Ան ի մասնաւորի շնորհակալութիւն յայտնեց Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանին՝ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, իրենց գործակցութեան համար։

Դասախօսութիւնը դիտելու համար, հաճեցէք սեղմել այստեղ։