Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՄԿՐՏԻՉ ՍԱՆԱՍԱՐԵԱՆ (ծնունդ՝ 10 Ապրիլ, 1818)

Ազգային բարերար Մկրտիչ Սանասարեան մեծ նպաստ բերած է 19-րդ դարու երկրորդ կէսի կրթական ու մշակութային ձեռնարկներու։

Սանասարեան ծնած է Թիֆլիս, 10 Ապրիլ 1818-ին, վանեցի արմատներով ընտանիքի մը մէջ։ Մեծ հրապարակագիր Գրիգոր Արծրունիի հօրաքրոջ զաւակն էր։

Սանասարեան ուսանած է Ներսիսեան դպրոցին մէջ, որուն հիմնադիրներէն եղած է իր մեծ հայրը։ 1835-1845 թուականներուն ծառայած է ռուսական բանակին մէջ եւ արժանացած՝ Ս. Գէորգի շքանշանին։ 1849 թուականին սկսած է աշխատիլ Ս. Փեթերպուրկի «Կովկաս եւ Մերկուրիոս» շոգենաւային ընկերութեան մէջ, որուն տնօրէններու խորհուրդի անդամ ընտրուած է 1864-ին։ Կազմակերպած է Կովկասի եւ Պարսկաստանի միջեւ շոգենաւային հաղորդակցութիւնը։

Սանասարեանի՝ ընկերութեան մատուցած բանիմաց ծառայութեան համար, վարչական խորհուրդը նաւերէն մէկը կոչած է «Նիկիտա Սանասարով»։ Իսկ պարսից շահը ռուս-պարսկական առեւտրական բարգաւաճման համար անոր շնորհած է «Շիր ի Խուրշիդ» բարձրագոյն շքանշանը։ Մեծահարուստ հայուն համար ճակատագրական դեր ունեցած է մոսկուաբնակ մտաւորական Կարապետ Եզեանի հետ հանդիպումը։ Այս հանդիպման շնորհիւ, Մկրտիչ Սանասարեան սկսած է անմիջական ուշադրութիւն դարձնել հայութեան վերաբերող խնդիրներուն։ Կրթաթոշակներով օժանդակած է Կովկասի հայ ուսանողներուն, ոմանք ալ արտասահման ուղարկելով կրթութիւնը շարունակելու համար։

Անոր տրամադրած միջոցներով 1881 թուականին բացուած է Կարնոյ Սանասարեան վարժարանը եւ վերաշինուած՝ Վանի Սանդխտեան աղջկանց վարժարանը, որ մօր անունով Մարիամեան կոչուած է։

Սանասարեան դպրոցներ բացած է Վան գաւառի Խառակոնիս եւ Նուխի գաւառի Նիժ եւ Վարդաշէն գիւղերուն մէջ։ Նիւթապէս աջակցած է Գէորգեան ճեմարանին, բարերգործական տարբեր կազմակերպութիւններու եւ մշակութային հաստատութիւններու։

Մկրտիչ Սանասարեան մահացած է 19 Մայիս, 1889-ին, Փարիզի մէջ, անզաւակ։ Ան իր ողջ հարստութիւնը կտակած է հայ դպրոցներուն, իսկ Սանասարեան վարժարանին նաեւ իր գրադարանը, ալպոմները, նկարներու հաւաքածոն եւ տպագրական պարագաները։ Թաղուած է Թիֆլիսի հայոց Մայր Եկեղեցիի բակին մէջ։