Առաջնորդարանէն

«Ս. ՍԱՀԱԿ-ՄԵՍՐՈՊ» ԼՍԱՐԱՆԻ ԵՐՐՈՐԴ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԸ

Երեքշաբթի, 15 եւ 22 Ապրիլին, Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Նորթ Անտովըր) պիտի ներկայացնէ «Ս. Սահակ-Մեսրոպ» լսարանի երրորդ դասընթացքը, որ նուիրուած պիտի ըլլայ եկեղեցական երաժշտութեան։

Փետրուարին սկսած լսարանի նախորդ երկու դասընթացքները նուիրուած էին Հին եւ Նոր Կտակարաններու ներածութեան (Հայր Փօլ Թարազի) եւ բարոյական աստուածաբանութեան (Տ. Նարեկ Ա. Քհն. Թրթռեան եւ Տ. Հրանդ Քհն. Գէորգեան)։

Դասընթացքին արձանագրուելու համար, կրնաք սեղմել այստեղ։