Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ՄԱՆԹԱՇԵԱՆՑ (մահ՝ 19 Ապրիլ, 1911)

Հայ նշանաւոր առեւտրական Ալեքսանդր Մանթաշեանց Պաքուի նաւթային արտադրութեան ամենամեծ դէմքերէն եղած է եւ տասնամեակներ շարունակ իր հարստութիւնը ի սպաս դրած է բարեսիրական աշխատանքներու

Ալեքսանդր Մանթաշեանց ծնած է Թիֆլիս, 3 Մարտ, 1842-ին։ Հայրը եղած է հիւսուածեղէնի վաճառական։ Սորված է Թիֆլիսի Գալուստ Վարդապետ Փափազեանցի մասնաւոր դպրոցին մէջ։ Տիրապետած է քանի մը լեզուներու։ Երկար ժամանակ հաստատուած է Մանչեսթըրի մէջ, հօր գործերուն օժանդակելով եւ եւրոպական առեւտրական գիտելիքներն ու բարքերը իւրացնելով։

Հօր մահէն ետք ստացած 200.000 ռուբլի դրամագլուխ ժառանգութեամբ, Մանթաշեանց, զգալով նաւթարդիւնաբերութեան մեծ հեռանկարները, տեղափոխուած է Պաքու եւ սկսած զբաղիլ՝ նաւթի արտադրութեամբ։ Մանթաշեանցի նաւթի առևտրական տուներն ու անոնց մասնաճիւղերը տարածուած են Եւրոպայի եւ Ասիոյ մէջ։ Այդ շրջանին Մանթաշեանցի դրամագլուխը կանխիկ դրամով կազմած է մօտ 30 միլիոն ռուբլի։ Ան ունեցած է հանքեր, գործարաններ, կալուածներ, տուներ, պանդոկներ, ամառանոցներ ու շոգենաւեր։

Ալեքսանդր Մանթաշեանց զուգակցած է իր առեւտրական գործունէութիւնը հանրային եւ բարեգործական գործունէութեան հետ։ Մինչեւ 1895 թուականը եղած է Կովկասի Հայ Բարեգործական Ընկերութեան փոխնախագահը, որուն նախաձեռնողն ու հիմնադիրներէն եղած էր 1881-ին, որմէ ետք դարձած է անոր ցկեանս պատուոյ նախագահը։ Հովանաւորած է Կովկասի ամենամեծ որբանոցը եւ անոր միջոցներով շէնքեր եւ հայկական եկեղեցիներ կառուցուած են Թիֆլիսի, Երեւանի, Պաքուի, Մոսկուայի, Փեթերպուրկի ու Փարիզի մէջ, ուր Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին, շինուած՝ 1904-ին, կը շարունակէ մնալ քաղաքի միակ հայկական եկեղեցին, անոր սրտին՝ Շանզ Էլիզէի մօտակայքը։

Երբ ցարական կառավարութիւնը 1903-ին որոշում տուած է հայկական եկեղեցական կալուածներու բռնագրաւման մասին, այդպէսով հայկական դպրոցները եւ մշակութային ու կրթական այլ կեդրոններ զրկելով նիւթական աջակցութենէ, Մանթաշեանց ֆինանսաւորած է Թիֆլիսի Ներսիսեան ճեմարանի նոր շէնքին կառուցումը։ Անոր առաջարկով կազմուած է Ս. Էջմիածնի նոր վեհարանի նախագիծ՝ ընդարձակ սրահներով եւ ընդունարաններով, որուն համար տրամադրած է 250.000 ռուբլի։

Ալեքսանդր Մանթաշեանց եղած է հայ մշակոյթի մեծ հովանաւոր։ Անոր միջոցներով Ռուսաստանի եւ Եւրոպայի լաւագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ուսանած են աւելի քան 200 երկսեռ երիտասարդներ, որոնցմէ շատերը հետագային գիտութեան, մշակոյթի, արուեստի եւ գրականութեան յայտնի անուններ դարձած են, ինչպէս Կոմիտաս Վարդապետ, Մանուկ Աբեղեան, Հրաչեայ Աճառեան եւ ուրիշներ։

Մանթաշեանց մահացած է Փեթերպուրկի մէջ, 19 Ապրիլ, 1911-ին եւ թաղուած է Թիֆլիսի Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ (Վանք) կից գերեզմանատունը։ Եկեղեցին ու գերեզմանատունը քանդուած են 1938-ին։ Այսօր, Երեւանի փողոց մը կը կրէ Մանթաշեանցի անունը, որուն արձանը կառուցուած է քաղաքի կեդրոնը։