Մեր դպրոցներէն

ՅՈՎՆԱՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ IMPACT DAY-Ը

Երկուշաբթի, 14 Ապրիլին Նիւ Ճըրզիի «Յովնանեան» վարժարանը կազմակերպած էր Impact Day կոչուած ներկայացում մը՝ աշակերտներու, շրջանաւարտներու եւ ուսուցիչներու մասնակցութեամբ, որոնք արտայայտուեցան դպրոցական կեանքի, մթնոլորտի եւ դաստիարակութեան յատկանիշերուն մասին։ Անոնք սատարած են աշակերտութեան անհատական եւ ուսումնական զարգացման եւ յաջողութեան։

Այս ներկայացումին հրաւիրուած էին հիմնադիր ընտանիքներու եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս եւ ծնողներ եւ աջակիցներ։ Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան՝ դիւանապետ, կը ներկայացնէր Ազգային Առաջնորդարանը։