ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԱԳ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Արեւելեան Թեմի մեր բոլոր ծուխերը նշեցին Աւագ Շաբաթը հոգեպարար արարողութիւններով։
Աւագ Հինգշաբթի, 17 Ապրիլի երեկոյեան, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մասնակցեցաւ Ոտնլուայի ու Խաւարման արարողութիւններուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա), իսկ Աւագ Ուրբաթ, 18 Ապրիլի երեկոյեան՝ Թաղման արարողութեան Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։
Աւագ Շաբաթ, 19 Ապրիլի երեկոյեան Ս. Պատարագին մասնակցելէ ետք Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք), Կիրակի, 20 Ապրիլին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պատարագեց ու քարոզեց Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Յարութեան հրաշափառ տօնին առթիւ։