Featured, Առաջնորդարանէն

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ

Ամբողջ աշխարհի հայութիւնը, ինչպէս եւ Արեւելեան Թեմի ծուխերը, կը պատրաստուին ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան 110ամեակը։ Նիւ Եորքի մէջ, Հինգշաբթի, 24 Ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 3.00-ին տեղի պիտի ունենայ Ս. Պատարագ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, ցեղասպանութեան սուրբ նահատակները ոգեկոչելու համար, որուն պիտի յաջորդէ քայլարշաւ մը։ Շաբաթ, 26 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7.00-ին տեղի պիտի ունենայ ոգեկոչման ձեռնարկ մը Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)։

Կիրակի, 27 Ապրիլին, Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ միացեալ Ս. Պատարագ, որուն պիտի յաջորդէ քայլարշաւ մը դէպի Թայմզ Սքուէր, ուր պիտի կատարուի համագաղութային հանրահաւաքը կազմակերպութեամբ Վարդանանց Ասպետներու եւ տեղւոյս հայկական կազմակերպութիւններու։