Featured, Լուրեր

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ՍԳԱՅ ՖՐԷՆՍԻՍ ՊԱՊԻ ՎԱԽՃԱՆՈՒՄԸ

Ֆրէնսիս Պապի պարզ կեցուածքը, համեստութիւնը եւ խոնարհ դասակարգին իր պաշտպանութիւնը տպաւորած են բոլոր անոնք, որոնք այսօր կը սգան անոր մահը, որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 21 Ապրիլին։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դրուատած է հանգուցեալ հոգեւորականի տիպարը, որ «նոր էջ մը բացաւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ կեանքին ու մտածողութեան մէջ» շարք մը յանդուգն քայլերով, միջ-եկեղեցական շարժումին կարեւորութիւնը շեշտելով եւ անարդարութեան զոհ ժողովուրդներու խոր մտահոգութեամբ։

Ֆրէնսիս Պապը պիտի յիշուի հայերու կողմէ ո՛չ միայն իբրեւ հոգեւոր պետ, այլեւ քաջարի ձայն մը, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցաւ 2015-ին, զայն կոչելով «20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը»։ Ան նաեւ զօրավիգ կանգնեցաւ արցախահայութեան տառապանքին։

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան, յիշեց իր հանդիպումը Պապին հետ Յունուար 2024-ին՝ կաթոլիկ եւ արեւելեան եկեղեցիներու երկխօսութեան ծիրին մէջ, զինք կոչելով «հաւատքի հայր մը» եւ «Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպան մը»։ Ան շեշտեց Պապին յարատեւ նուիրումը կարիքաւորներուն։

Ժամակաշրջանի մը մէջ, ուր հայ ազգը կը դիմագրաւէ գոյութեան մարտահրաւէրներ, որոնցմէ Վատիկանը միշտ անմասն չէ մնացած, Հայ Եկեղեցին կը յիշէ վախճանեալ Պապը իբրեւ բարեկամ մը եւ ճշմարտութեան ու արդարութեսն ի խնդիր բարոյական ձայն մը։ Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։