Կաթողիկոսարանէն

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ համաժողովէն ընտրուած կեդրոնական վարչութիւնը իր երկրորդ լիակատար նիստերը գումարեց 18-24 Յունիսին, Եոհաննէսպուրկի (Հարաւային Ափրիկէ) մէջ: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութեամբ եւ յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, ժողովին մասնակցեցաւ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան՝ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Ուոթըրթաունի (Մէսէչուսէթս) Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ:

Հայր Սուրբը նիստերուն իր մասնակցութիւնը բերաւ զանազան մակարդակներու վրայ, մազ կազմելով քաղաքականութեան յանձնարարութեան (Policy Reference) յանձնախումբին եւ վարելով ուսման եւ միջ-եկեղեցական կազմաւորման յանձնաժողովի համա-ատենապետութիւնը։

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընտրուած է Ե.Հ.Խ.ի նախագահ եօթնամեայ շրջանի համար, ներկայացնելով արեւելեան ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքը: Գերշ Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս նոյնպէս Կեդր. Վարչութեան անդամ է եւ մաս կը կազմէ համաձայնութեան ու համագործակցութեան մնայուն յանձնախումբին, սակայն Իրան-Իսրայէլ պատերազմի ստեղծած անապահով պայմաններուն բերումով չկարողացաւ իր մասնակցութիւնը բերել։ Գարլա Խիժոյեան կը շարունակէ պաշտօնավարել Ե.Հ.Խ.ի մէջ իբրեւ Միջին Արեւելքի բաժանմունքի պատասխանատու:

Եոհաննէսպուրկի մէջ գումարուած նիստերուն ընթացքին քննարկուեցան ռազմավարութեան եւ կառավարման հարցեր եւ 2030 թուականին կայանալիք ընդհանուր ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն սկիզբ տրուեցաւ: Կեդր. Վարչութիւնը նաեւ շարունակեց «Արդարութեան, հաշտեցման եւ միասնութեան ուխտագնացութիւն» թեմային առնչուած իր գործունէութիւնը, յատկապէս Հարաւային Ափրիկէի եկեղեցիներու հետ:

Նիստերուն ընթացքին Կեդր. Վարչութիւնը Ե.Հ.Խ.ի անդամակցութեան դիմում ստացաւ չորս եկեղեցիներէ, որոնցմէ մէկը հաստատեց առժամեայ դրութեամբ, իսկ միւս երեքը կը մնան քննարկման ընթացքի մէջ:

Յատկանշական էր, ի շարս այլոց, խտրականութեան (apartheid) թանգարանին այցելութիւնը, որ կը ներկայացնէ Հարաւային Ափրիկէի ժողովուրդի պատմութիւնն ու ազատագրական պայքարը: Այս նիւթով դասախօսեց Հայր Մայքըլ Լափսլի «Ուխտագնացութեան հանդիպում. Հարաւային Ափրիկէ» խորագիրով նիստի ընթացքին։ Ան թիրախ դարձած էր 1990 թուականին իր քաղաքական գործունէութեան համար եւ ահաբեկչական գործողութեան հետեւանքով կորսնցուցած էր ձեռքերն ու մէկ աչքը: Իր ունեցաւ փորձութիւններէն ետք, աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ տառապողներու պաշտպան դարձաւ: Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան նոյնպէս  հայկական իրականութիւնը ներկայացուց, անդրադառնալով հայ ռազմագերիներու ազատ արձակման եւ Արցախի ժողովուրդին դէմ իրականացած ցեղասպանութեան խնդիրներուն։