
News
ԿԱՄՕ (մահ՝ 14 Յուլիս, 1922)

Կամօ յայտնի բոլշեւիկ գործիչ մը եղսծ է, ծանօթ՝ իր յանդուգն գործերով եւ բանտէն փախուստներով։
Կամօ, բուն անունով՝ Սիմոն Տէր-Պետրոսեան, ծնած է 27 Մայիս, 1882-ին, Գորիի մէջ (Վրաստան)։ Ուսումը ստացած է Գորիի հայկական ծխական, ապա՝ հայկական քաղաքային դպրոցներուն մէջ, իսկ յետոյ՝ ռուսական դպրոցի մէջ։ 1898-ին մտած է Թիֆլիսի աստուծաբանական դպրեվանքը, ուրկէ վտարուած է 1901-ին։ Ստալինի ընկեր ու դաընկեր եղած է նոյն դպրեվանքին մէջ։
1901-էն Կամօ (կեղծանունը յառաջ եկած է ռուսերէն կոմու «որուն» բառի սխալ հնչումէն՝ կամօ) արգիլուած, հակացարական գրականութիւն տարածած է եւ ընդյատակեայ բոլշեւիկեան տպարաններ կազմակերպած՝ Թիֆիլիսի, Պաքուի, Պաթումի, Քութայիսի, Գորիի եւ այլ վայրերու մէջ։ Նոյեմբեր 1903-Սեպտեմբեր 1904-ին բանտարկուած է, բայց յաջողած է փախչիլ բանտէն։
1905-ին Կամօ մասնակցած է բանուորական մարտական խմբակներու կազմակերպման եւ գլխաւորած է բոլշեւիկեան բանուոր-մարտիկներու ջոկատը Թիֆիսի մէջ։ Զինուած ընդհարումներուն ժամանակ վիրաւորուած ու ձերբակալուած է եւ նետուած՝ Մետեխի բանտը, ուրկէ փախուստ տուած է յաջորդ տարի եւ մեկնած՝ Ս. Փեթերպուրկ։ Հոն հանդիպած է Վլատիմիր Լենինին, որուն առաջադրանքով անցած է արտասահման, զէնք գնելու եւ Ռուսաստան տեղափոխելու գործը կազմակերպելու համար։
Բոլշեւոկեան կուսակցութեան համար դրամական միջոցներ հայթայթելու նպատակով 1905-1907-ին կազմակերպած է ցարական գանձարանէն գումարներու շարք մը բռնագրաւումներ։ Նոյեմբեր 1907-ին գերմանական ոստիկանութիւնը Կամոն ձերբակալած է Պերլինի մէջ։ Ան ինքզինք խելագար ձեւացուցած է հետաքննութենէն խուսաեելու նպատակով։ Սակայն, 1909-ին գերմանական իշխանութիւնները Կամոն յանձնած են ցարական ոստիկանութեան։ Օգոստոս 1911-ին փախած է Մետեխի բանտային հիւանդանոցէն եւ մեկնած՝ Փարիզ։ 1912-ին վերադարձած է Ռուսաստան, բայց այս անգամ ձերբակալուած է ռուսական իշխանութիւններուն կողմէ եւ մահուան դտապարտուած։ 1913-ին Ռուսաստանի մէջ Ռոմանովներու 300-ամեայ գահակալութեան առիթով սահմանուած համաներումով, Կամոյի մահապատիժը փոխարինուած է 20-ամեայ տաժանակիր բանտարկութեամբ։ Ան բանտէն ազատած է Մարտ 1917-ին փետրուարեան յեղափոխութեան հետեւանքով։
1919-ի ամրան Լենինի յանձնարարութեամ Կամօ ջոկատ կազմակերպած է եւ կռուած՝ Անտոն Տենիքինի հակայեղափոխական զօրքերու թիկունքին, իսկ Ապրիլ 1920-ին մասնակցած է Պաքուի մէջ զինուած ապստամբութեան նախապատրաստութեան։
1920-ին ուսանած է Մոսկուայի ռազմական ակադեմիային մէջ։ Այնուհետեւ աշխատած է արտաքին առեւտուրի բնագաւառին (1921) եւ Վրաստանի ֆինանսներու ժողովրդական կոմիսարիատին մէջ (1922)։
Կամօ մահացած է 14 Յուլիս, 1922-ին, Թիֆլիսի մէջ, ինքնաշարժային արկածի մը հետեւանքով, երբ իր հեծանիւը զարնուած է բեռնակառքի մը կողմէ։ Ըստ վարկածի մը, «արկած»ը կազմակերպուած էր Ստալինի կողմէ, որ այդ ժամանակ Խորհրդային Ռուսաստանի ազգութիւններու ժողովրդական կոմիսարի պաշտօնը կը վարէր։
Կամոյի անունով կոչուած է նախկին Նոր Բայազէտ քաղաքն ու շրջանը Խորհրդային Հայաստանի մէջ, որոնք անկախութենէն ետք վերամկրտուած են Գաւառ անունով, ինչպէս անոր անունը կրած են դպրոցներ եւ փողոցներ Խորհրդային Միութեան տարբեր քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ։