«Ս. ԳՐԻԳՈՐ ՏԱԹԵՒԱՑԻ» ԼՍԱՐԱՆԸ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՒ

Կիրակի, 13 Յուլիսին, «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանի 39-րդ տարեշրջանը իր աւարտին հասաւ Ս. Պատարագով, զոր մատուցանեց լսարանի դասատուներէն Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեան Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)։ Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ ի յիշատակ լսարանի հանգուցեալ աշակերտներուն եւ բարերարներուն։ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան՝ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, եւ եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը կազմակերպած էին յատուկ ճաշկերոյթ մը եկեղեցւոյ սրահին մէջ, որուն պատրաստութիւնը ստանձնած էր Տիկնանց Միութիւնը, իսկ հովանաւորութիւնը՝ Հայ Օգնութեան Միութեան «Ակնունի», «Արմենուհի» եւ «Շաքէ» մասնաճիւղերը։
Այս տարուան լսարանը տեղի ունեցաւ «Շիլոհ» ճամբարին մէջ (Հիւիթ, Նիւ Ճըրզի), 58 աշակերտներու մասնակցութեամբ, 19 դասատուներէ եւ օգնականներէ բաղկացած անձնակազմով։ Մէկ շաբթուան երկայնքին 20 ժամուան դասաւանդութիւնր չորս տարեշրջաններու ընթացքին կ՚ընդգրկէ քրիստոնէական հաւատքի հիմնական նիւթեր, ինչպէս Ս. Գիրքը, տօներն ու խորհուրդները, Նիկիոյ հանգանակները, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու սուրբերը, աղօթքներ, պաշտամունք եւ մերօրեայ երիտասարդութեան դիմագրաւած բարոյական հարցեր։ Լսարանի քառամեայ ծրագրի ամբողջացումէն ետք, կարգ մը աշակերտներ կը նախընտրեն վերադառնալ յետ-աւարտական ուսման հետեւելու համար։ Դասարանային փորձառութեան կողքին, ամէն օր մարզական խաղեր եւ զբօսանքի պահեր կան, ինչպէս եւ առաւօտեան եւ երեկոյեան եկեղեցական արարողութիւններ։
Այս տարի Ա. մակարդակը 23 աշակերտ ունեցաւ, Բ. մակարդակը՝ 15, Գ. մակարդակը՝ 6, Դ. մակարդակը՝ 10, իսկ չորս հոգի արձանագրուեցան յետ-աւարտական դասերու։ Տասներկու տարբեր համայնքներ հայթայթած էին 58 մասնակիցները. Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի)՝ 18 հոգի, Ս. Ստեփանոս եկեղեցի (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս)՝ 9, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցի (Նիւ Եորք)՝ 8, Ս. Վարդանանց եկեղեցի (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ)՝ 6, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի (Նորթ Անտովըր, Մէսէչուսէթս)՝ 4, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի (Ֆիլատելֆիա, Փէնսիլվէնիա)՝ 4, Ս. Խաչ եկեղեցի (Թրոյ, Նիւ Եորք)՝ 2, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի (Ուայթ Փլէյնզ, Նիւ Եորք)՝ 1, Ս. Ղեւոնդեանց եկեղեցի (Ֆէր Լօն, Նիւ ճըրզի)՝ 1, Թեքսաս՝ 1, Ս. Գէորգ եկեղեցի (Գանատա)՝ 4, եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցի (Գանատա)՝ 1
- 2025 Graduates of the St. Gregory of Datev Institute. Top Row (L-R): Ararat Yakoubian, Michael Bulbulian, Michael Ambartsoomyan, William Chapanian, Robert Kanaby, Michael Bederjikian. Bottom Row (L-R): Tiffany Arvestian, Nunia Najjarian, Nora Ovanessian, Meghri Kassardjian.