Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՌԻՉԸՐՏ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ (մահ՝ 15 Օգոստոս, 1985)

Ռիչըրտ Եարտըմեան ամերիկահայ յայտնի երգահան մը եղած է։

Ծնած է 5 Ապրիլ, 1917-ին, Ֆիլատելֆիոյ մէջ։ Հայրը՝ Վեր. Հայկ Եարտըմեան, Ֆիլատելֆիոյ հայ աւետարանական համայնքի հիմնադիր հովիւը եղած է։

Ռիչըրտ՝ Եարտըմեան ընտանիքի տասը զաւակներուն կրտսերագոյնն էր։ Դաշնակի դասեր առած է իր մեծ եղբօրմէն, անոր վարժութեան պահերուն։ 14 տարեկանին, հակառակ երաժշտական ուսում առած չըլլալուն, յօրինած է երգը, որ հինգ տարի ետք իր «Հայկական սուիթ»ին մաս պիտի կազմէ։ Ինքնուս երգահանի իր վիճակը կը փոխուի 21 տարեկանին, երբ կը նուիրուի երաժշտական ուսումնասիրութեան։

Երգահանի ասպարէզը սկիզբ առած է 1945-ին, երբ զինուորական ծառայութեան մէջ էր Բ. Աշխարհամարտին։ Այդ տարի, Ֆիլատելֆիոյ նուագախումբը կատարած է իր մէկ յօրինումը, որ նուիրուած էր «աշխարհի աւերուած քաղաքներուն»։ Ֆիլատելֆիոյ նուագախումբը յաջորդ քսանամեակին շուրջ 100 կատարումներ ըրած է Եարտըմեանի յօրինումներէն, որոնցմէ տասը՝ առաջին մեկնաբանութեամբ։

Եարտըմեանի յօրինումները նուագուած են ամէն աշխարհամասի մէջ, ամէն տեսակի նուագախումբերով։

1966-ին, Ֆորտհէմ համալսարանի պատուէրով, համալսարանի 125-ամեակին առիթով, Եարտըմեան յօրինած է առաջին անգլերէն լեզուով գրուած պատարագը։ 1972-ին, Անգլիոյ Պախի փառատօնին հինգ անգամ մեկնաբանած է իր յօրինումը Լոնտոնի եւ Օքսֆորտի նուագահանդէսներուն, դառնալով միակ ամերիկացին որ նման պատիւի մը արժանացած է։

Սրբազան երաժշտութեան մագիստրոսի տիտղոսի արժանացած է Թենըսիի Մէյրիվիլ գոլէճէն, իսկ երաշժտութեան մագիստրոսի տիտղոսին՝ Փենսիլվանիոյ Ուայտնըր համալսարանէն։

Յանկարծամահ եղած է 15 Օգոստոս, 1985-ին, Պրին Աթընի իր տան մէջ (Փենսիլվանիա)։