
News
ԲԱՐԻ ԼՈՒՐ ԲԵՐԻՈՅ ԹԵՄԷՆ

14 տարիներու սպասումէ ետք, Ս. Աննայի ուխտի օրուան առիթով, 31 Օգոստոսին, ուխտագնացութիւն կազմակերպուեցաւ դէպի Եագուպիէի Ս. Աննա ուխտատեղի-մատուռը (Սուրիա), շուրջ 3.000 տեղացի հայերու եւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ։ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ, Ս. Պատարագ մատուցեց եւ մատրան վերօծումը կատարեց։
Սրբազան Հօր կողքին ներկայ էին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներ Տէր Լուէյ Պշարաթ եւ Տէր Ղուկաս Մեսրոպ, ինչպէս նաեւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան, Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան, Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Արժ. Տ. Մաշտոց Ա. Քհն. Արապաթլեան, Արժ. Տէր Արշակ Ա. Քհն. Ալաճաճեան, Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհն. Քէօշկէրեան եւ Լիբանանէն ժամանած Թրիփոլիի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Գրիգոր Քհն. Եղիայեան, որոնք Սրբազան Հօր հետ թափօրով եւ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբին ու տարազաւոր սկաուտներու, ինչպէս նաեւ լատին համայնքի տարազաւոր սկաուտներու ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի Ս. Աննա մատուռը, ուր ծաղկեփունջով դիմաւորուեցան։
Ս. Աննա մատուռը 6 Փետրուար 2023-ի երկրաշարժէն ետք վերանորոգուած էր ֆրանչիսկեան վանականներուն կողմէ, որպէս արտայայտութիւն կաթոլիկ եւ հայ եկեղեցիներու եղբայրութեան։
Սրբազան Հայրը իր աղօթքին մէջ յիշեց կաթոլիկ եկեղեցւոյ Առաջնորդ Հաննա Ճալլուֆը։ Ան Ս. Խաչի յուշանուէրով գնահատեց կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Լուէյ Պշարաթը՝ մատրան վերանորոգութեան համար իր մատուցած ծառայութիւններուն համար։ Պատարագէն ետք, Սրբազան Հայրը եւ Տէր Լուէյ Պշարաթը մատրան վերանորոգութեան եւ վերօծման առիթով զետեղուած յուշաքարին բացումը կատարեցին:
Ապա, մատրան շրջափակէն ներս Սրբազան Հայրը աւանդական մատաղօրհնէք կատարեց։ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մասնաճիւղի փողերախումբը հայրենասիրական երգերով խանդավառեց ներկայ բազմութիւնը։































