
News
«ՍԻԱՄԱՆԹՕ» ԼՍԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ

«Սիամանթօ» լսարանի 2025-26 տարեշրջանին բացումը կատարուեցաւ Շաբաթ, 6 Սեպտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի, Ազգային Ուսումնական Խորհուրդի վարիչ տնօրէնուհի տիկ. Հերա Մախուլեանի, «Սիամանթօ» լսարանի տնօրէնուհի տիկ. Անի Ներսէսեանի, ինչպէս նաեւ ծրագրի դասատուներու ներկայութեամբ։ Տարեշրջանի բացումը կատարուեցաւ Սրբազան Հօր աղօթքով եւ պատգամով։ Սրբազան Հայրը բարի վերամուտ մաղթեց բոլոր մասնակիցներուն եւ ուսուցիչներուն եւ բարձրօրէն գնահատեց ծնողները, որոնք իրենց զաւակները կը մղեն նման օգտաշատ ծրագրի մասնակցելու։ Այս ուղղութեամբ, ան նաեւ վեր առաւ Ս. Ստեփանոս շաբաթօրեայ վարժարանի (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս) տնօրէնուհի տիկ. Մայտա Մելքոնեանի լսարանին հանդէպ ցուցաբերած համագործակցութիւնը եւ նախանձախնդրութիւնը։ Սրբազան Հայրը նաեւ շեշտեց հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը։ «Սիամանթօ» լսարանի ծրագիրը այս տարի եւս կ՚ընդգրկէ հայերէնի, երաժշտութեան եւ արուեստի ուսուցում, ընդհանուր գիտելիքներու այլեւայլ նիւթերու ներկայացումով։
«Սիամանթօ» լսարանի դասաւանդութիւնները պիտի սկսին Շաբաթ, 13 Սեպտեմբերին։ Թէեւ արձանագրութիւնները փակուած են, սակայն տակաւին կ՚ընդունուիլ փափաքին մասնակցող նոր աշակերտներ։