
News
ԻԶԱՊԷԼ ՊԱՅՐԱԳՏԱՐԵԱՆԻ ՀԱՄԵՐԳԸ՝ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

Հինգշաբթի, 13 Նոյեմբերին, համբաւաւոր սոփրանօ Իզապէլ Պայրագտարեան ելոյթ պիտի ունենայ «Գառնըկի հոլ»-ի մէջ «Պապենական երգեր, աղօթքներ եւ օրորներ» խորագրուած համերգով։ Այս համերգը մաս կը կազմէ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 30-ամեակի տօնակատարութիւններուն։
Ծրագիրը պիտի ներկայացնէ միջնադարեան շարականներ, մարեմական երգեր եւ հայ ժողովրդական գործեր։ Կոմիտաս Վարդապետի եւ իր աշակերտներուն՝ Բարսեղ Կանաչեանի եւ Միհրան Թումաճանի գործեր ալ մաս կը կազմեն յայտագրին։ Պայրագտարեանին պիտի ընկերանան Էլի Քոութ (տաւիղ), Ճիլ Ֆելպըր (սրինգ) եւ Մհեր Մնացականեան (դուդուկ)։
Իզապէլ Պայրագտարեան միջազգային լայն ճանաչման արժանացած է թէ՛ օփերայի եւ թէ՛ ընդհանրապէս երգի բնագաւառներուն մէջ։ Կատարած է բազմաթիւ ձայնագրութիւններ, որոնց կարգին՝ «Մատանիներու տիրակալը. Երկու աշտարակները» շարժանկարին համար, որ Օսքարի արժանացած է։ Մեծարուած է նաեւ բազմաթիւ մրցանակներով եւ պարգեւատրումներով, որոնց շարքին՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանը Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ (2004)։
Երգչուհին ներկայիս Գալիֆորնիոյ համալսարանի (Սանթա Պարպըրա) երգի դասախօս է եւ օփերայի թատրոնի տնօրէնուհի է։ «Գառնըկի հոլ»ի համերգը կը խոստանայ հայ երաժշտութեան խրախճանք մը հրամցնել լսարանին։