
News
Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀԱՒԱՏՔԻ ՈՒ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ 91 ՏԱՐԻ ԿԸ ՏՕՆԷ

Կիրակի, 14 Սեպտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուաշաւան Արքեպիսկոպոս, Ս. Պատարագ մատուցանեց Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մէսէչուսէթս) 91-ամեակին եւ Ս. Աստուածածնի Խաչվերաց տօնին առթիւ։ Եկեղեցին լեցուն էր հաւատացեալներով, որոնց միացած էին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ (Ուայթընզիլ, Մէսէչուսէթս) ծխականները։ Ս. Պատարագին երգեցողութիւնը լրիւ կատարեց նորակազմ պատանեկան դպրաց դասը։ Ս. Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց ձեռնադրութիւնը Արմէն Եղիայեանի (սարկաւագ) եւ Կէրի Խաչերեանի (կիսասարկաւագ), յորդորելով, որ ծառայեն համեստութեամբ եւ օրինակ ըլլան բոլոր անոնց, որ զԱստուած անկեղծութեամբ կը պաշտեն։ Ս. Պատարագին ներկայ էին Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս), Արժպ. Տ. Կոմիտաս Ա. Քհն. Պաղսարեան եւ Արժպ. Տ. Արամ Ա. Քհն. Ստեփանեան, իսկ ճաշկերոյթին միացան Արժպ. Տ. Ստեփան Քհն. Պալճեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Նորթ Անտովըր, Մէսէչուսէթս) եւ Արժպ. Տ. Թադէոս Քհն. Բարսեղեան՝ հոգեւոր հովիւ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մէսէչուսէթս)։
Ս. Պատարագէն ետք, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ 91-ամեակի տօնախմբութիւնը։ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ տիար Կարօ Պեքիարեան, շնորհաւորեց համայնքը այս իրագործումին համար եւ շեշտեց հաւաքական յանձնառութիւնը որ հիմքը կը կազմէ ծխական կեանքի։ Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, իր կարգին անդրադարձաւ ծուխի հարուստ պատմութեան եւ Ուստըրի ունեցած հիմնական դերին՝ հայութեան քրիստոնէական կեանքի ձեւաւորման մէջ, շնորհակալութիւն յայտնելով հաւատացեալներուն իրենց մշտական աջակցութեան համար։ Յատուկ պարգեւատրում եղաւ այն ընտանիքներուն, որոնց նիւթական աջակցութիւնը կարելի դարձուցած է եկեղեցւոյ նորոգման ու բարեզարդման կարեւոր ծրագիրներ։
Սրբազան Հայրը, յանուն Ազգային Վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական Ժողովներուն, բարձրօրէն գնահատեց հոգեւոր հովիւ՝ Գերպ. Հ. Արտակին պատանեց երգչախումբի նախաձեռնութիւնը, դրուատեց հոգաբարձութեան եւ համայնքին յանձնառութեան ոգին, հզօրութիւնն ու ամուր հաւատքը, յորդորելով հաւատացեալները, որ ապագային յոյսով նային։ Առաքեալի խօսքէն մեկնելով, քաջալերեց բոլորը որ «բարի պատերազմը մղեն» ի փառս Աստուծոյ եւ Իր Սուրբ Եկեղեցւոյ, շարունակելով 91-ամեայ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վկայութիւնը։




