Լուրեր

ՀԻՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՈՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 34-ԱՄԵԱԿԸ

Որեւէ տարեդարձ սովորական ծէսերու եւ ճառերու առիթ կը դառնայ։ Երանի թէ նոյնը կարելի ըլլար ըսել Հայաստանի պարագային։ Մեր հայրենիքի անկախութեան իւրաքանչիւր ամեակը մեզի կը յիշեցնէ, թէ որքան դժուարին ու անկարելի թուող պայմաններէ անցած ենք, եւ այսուհանդերձ, մեր ազգը կը յարատեւէ, հնագոյններէն մէկը ըլլալով աշխարհի քարտէսին վրայ։

1918-1920-ի կարճատեւ անկախութենէն եւ վեց դարու օտար լուծէ ետք, Հայաստանի 1991-ի անկախութեան առաջին 34 տարիներն են։ Եթէ պատմութիւնը բան մը կը սորվեցնէ, այն է, որ կարելի չէ անկախութիւնը իբրեւ պարզ տուեալ ընդունիլ։ Պէտք է զայն մշտապէս փայփայել ինչպէս ըրինք առաջին օրը՝ 21 Սեպտեմբեր, 1991-ին։