News
ԱՌՈՂՋ ՄԱՐՄԻՆ, ԱՌՈՂՋ ՄԻՏՔ ԵՒ ԱՌՈՂՋ ՀՈԳԻ
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, հաւատացող մըն է «Առողջ մարմին, առողջ միտք եւ առողջ հոգի» նշանաբանին։ Առ այդ, գրասենեկային ժամերէն ետք, գործնականի կը վերածէ զայն օրական հեծանիւ վարելով, իսկ գաղութներ այցելելու ընթացքին առիթ ստեղծելով կը քաջալերէ նոյն ոգին ծխականներու մէջ։
Այսպէս, Շաբաթ, 20 Սեպտեմբերին, Նիւ Եորքէն մինչեւ Փրաւիտընս ինքնաշարժ վարելէ ետք, նախ քան Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ 85-ամեակի տօնախմբութեան նախագահելը, Սրբազան Հայրը, օգտուելով բնութեան պարգեւած գեղեցիկ եղանակէն, խումբ մը երիտասարդներու հետ Արեւելեան Փրաւիտընսէն մինչեւ Պրիսթըլ քաղաքը՝ Փրաւիտընս գետի երկայնքին եւ անդին 30 մղոն հեծանիւ վարելու վայելքը ունեցաւ։