Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ՇԱՌԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ (մահ՝ 1 Հոկտեմբեր, 2018)

Արձաններ, դիմաքանդակներ, հանրային պարտէզներու եւ յուշադրամ մը Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ ոգեկոչած են ֆրանսահայ երգիչ ու երգահան Շառլ Ազնաւուրը անոր մահէն ի վեր։ Յատուկ յիշատակութեան արժանի է Ստեփանակերտի (Արցախի հանրապետութիւն) շինուած յուշարձան մը (2021) անոր անունը կրող մշակութային կեդրոնին դիմաց, որ ատրպէյճանական բարբարոսութեան զոհ դարձած է Արցախի հայութեան 2023-ի բռնագաղթէն ետք։ Ազնաւուր ձայնագրած է աւելի քան 1.200 երգ տարբեր լեզուներով եւ գրած կամ համահեղինակած է աւելի քան 1.000 երգ, իր անունին համաշխարհային հնչեղութիւն տալով։

Շառլ Ազնաւուր (բուն անունով՝ Շահնուր Վաղինակ Ազնաւուրեան) ծնած է Փարիզ, 22 Մայիս, 1924-ին։ Ծնողներու քաջալերանքով, փոքը տարիքէն գեղարուեստի աշխարհին մէջ մտած է։ 1940-ական թուականներուն որդեգրած է Շառլ Ազնաւուր բեմական անունը եւ Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին գործընկեր եղած է երգիչ-երգահան Փիեռ Ռոշէի հետ եւ փորձառութիւն վաստակած։ Յետպատերազմեան տարիներու համբաւաւոր երգչուհի Էտիթ Փիաֆի հետ շրջապտոյտներ կատարած են Ֆրանսայի, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ։

Փիաֆ Ազնաւուրին խորհուրդ տուած է երգի ասպարէզը մտնել։ 1950-ական թուականներուն սկսած է իր առաջին յաջողութիւնները արձանագրել Ֆրանսայի մէջ, եւ արդէն 1960-ական թուականներուն սկիզբը տոմսակները սպառել կու տար Նիւ Եորքի Գառնըկի Հոլին մէջ, իսկ յաջորդ տասնամեակներուն համերգներ տուած է ամբողջ աշխարհին մէջ։ 1950-ական թուականներու վերջաւորութեան մտած է շարժապատկերի աշխարհը, եւ մեծ գնահատանքի արժանացած է «Կրակեցէք դաշնակահարին վրայ» շարժանկարի (1960) խաղարկութեամբ։ Այնուհետեւ նաեւ խաղացած է ամերիկեան, բրիտանական եւ գերմանական շարժանկարներու մէջ։

Ազնաւուր երգած է բազմաթիւ լեզուներով, ներառեալ հայերէն։ Իր երգերը զանազան առիթներով ֆրանսական ու միջազգային ամենէն ժողովրդական երգերու ցուցակներուն գլուխը գտնուած է։ Անոր երգերը ձայնագրած են բազմաթիւ միջազգայի աստղեր՝ Էտիթ Փիաֆէն մինչեւ Ֆրանք Սինաթրա եւ Էլթոն Ճոնէն մինչեւ Խուլիօ Իկլեսիաս։ Շարունակած է երգել մինչեւ մահուան նախօրեակը։ Վերջին համերգը տուած է Ճափոնի մէջ, Սեպտեմբեր 2018-ին։ Ամուսնացած է երեք անգամ եւ ունեցած՝ վեց զաւակ։

1975-ին, Ազնաւուր հեղինակած է «Անոնք ինկան» երգը, նուիրուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 60-ամեակին, իսկ 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժէն ետք այլեւս շեշտակի կերպով մասնակցած է հայ իրականութեան։ Այսպէս, երկրաշարժի առիթով իր քեռայրին՝ երգահան Ժորժ Կառվարենցի հետ, գրած է «Քեզի համար, Հայաստան» երգը բարեսիրական նպատակներով։ Ֆրանսացի նշանաւոր արուեստագէտներու երգեցողութեամբ, 18 շաբաթ Ֆրանսայի ամենէն ժողովրդական երգի ցուցակին գլուխը գտնուած է։ Այնուհետեւ, Ազնաւուր ստեղծած է «Ազնաւուր Հայաստանի համար» բարեսիրական կազմակերպութիւնը։ 1992-ին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ եղած է, իսկ 1995-ին Հայաստանի դեսպան եւ մնայուն պատուիրակ նշանակուած է ԻՒՆԵՍՔՈյի քով։ 2002-ին, Ազնաւուր դեր ստանձնած է Աթոմ Էկոյեանի «Արարատ» շարժանկարին մէջ։ 2004-ին Հայաստանի հերոսի տիտղոսին արժանացած է, իսկ 2008-ին ստացած է Հայաստանի քաղաքացիութիւն։ 2009-ին նշանակուած է Հայաստանի դեսպան Զուիցերիոյ մէջ։ Արժանացած է ֆրանսական, հայկական, պելճիքական, գանատական եւ ճափոնական շքանշաններու եւ միջազգային բազմաթիւ պատիւներու։

Շառլ Ազնաւուրի արուեստագէտի, բարեգործի ու հանրային մարդու իր երկար կեանքը բոլորած է 1 Հոկտեմբեր, 2018-ին։ Մահացած է Մուրիէի իր տան մէջ (Ֆրանսա) եւ պետական յուղարկաւորութիւն ունեցած է Էնվալիտներու գերեզմանատան մէջ, ուր խօսք առած է Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն։ Թաղուած է Մոնթֆոր-Լամօրի գերեզմանատան մէջ։