Prelacy News

ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՍՐԲՈՑ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ 85-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Շաբաթ, 20 Սեպտեմբերին, Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին շքեղ հանդիսութեամբ տօնեց իր 85-ամեակը, որուն ներկայ էին Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Գաբրիէլ եւ Երէցկին Տէպրա Նազարեան, երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան կազմը, Ազգային Վարչութեան անդամներ, կղերականներ, եկեղեցւոյս եւ քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Ռոտ Այլընտ նահանգի ծերակուտական՝ Տէյվիտ Թիքոյեան։

Օրուան հանդիսավար՝ Բարշ. Յակոբ Ա. Սրկ. Խաչատուրեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, եկեղեցւոյ երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ Ռաֆֆի Ռշտունիի,  «Ուրախ լեր»ի երգեցողութեամբ բացումը կատարեց երեկոյին։ Օրդ․ Թալին Տօնոյեանի զոյգ քայլերգներուն երգեցողութենէն ետք, Սրբազան Հայրը կատարեց բազման աղօթքը։

Իր խօսքին մէջ, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ ատենապետ՝ Լեւոն Աթթարեան, շնորհաւորեց ներկաները եւ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ տասնամեակներու պատմութեան եւ անոր դերին ու կարեւորութեան Փրաւիտընսի գաղութի հայապահպաման աշխատանքին մէջ։ Ատենապետը երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ եկեղեցւոյ հիմնադիրներուն տեսիլքն ու աննկուն կամքին մասին, որոնց շնորհիւ մենք այսօր կը շարունակենք մեր աշխոյժ գործունէութիւնը իբրեւ ծխականներ եւ քոյր կազմակերպութիւններու անդամներ։ Ան բարձրօրէն գնահատեց եկեղեցւոյ հովանիին տակ գտնուող բոլոր կազմակերպութիւններուն եզակի աշխատանքն ու անդամներուն նուիրումը, ինչպէս եւ եկեղեցւոյ դերը որպէս հայապահպանման կեդրոն։ Աւարտելով իր խօսքը, ատենապետը նշեց, թէ եկեղեցին սոսկ կառոյց մը չէ, ան կը շնչէ եւ կ՛ապրի, ուրեմն այս ժամանակաշրջանին երբ մեր հաւատքն ու ազգը շարունակ հարուածի տակ են, մեր եկեղեցին պիտի շարունակէ ըլլալ մեր վէմն ու մեզ առաջնորդող ջահը։

Երեկոն առիթ մըն էր պարգեւատրելու եկեղեցւոյ նուիրեալ եւ գործունեայ անդամներէն՝ Բարշ. Արա Ա. Սրկ. Նալպանտեանը, տէր եւ տիկ. Քէն եւ Սանտրա Պօղոսեանները եւ “Salt & Light” երիտասարդներու խումբի անդամները։ Անոնք ստացան Ազգային Առաջնորդարանի գնահատագրեր Սրբազան Հօր ձեռամբ եւ Ռոտ Այլընտ նահանգի շնորհաւորագրեր ծերակուտական Տէյվիտ Թիքոյեանի կողմէ։

Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ ընտանիքը նաեւ նշեց հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեանի ձեռնադրութեան  տասնամեակը։ Պրն. Աթթարեան  ներկայացուց Տէր Հօր եւ երէցկնոջ աշխոյժ գործունէութիւնն ու անոնց նուիրումը իւրաքանչիւր անձի նկատմամբ։ Անոնք արժանացան շնորհաւորական յատուկ նուէրի մը հոգաբարձութեան կողմէ։

Տէր Գաբրիէլ շնորհաւորեց բոլոր ներկաները եկեղեցւոյ տօնին առթիւ եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց տօնակատարութեան յանձնախումբի ատենապետուհի՝ տիկ. Մանուշակ Գրիգորեանին եւ բոլոր անդամներուն, ինչպէս նաեւ հոգաբարձութեան կազմին։ Ան  իր երախտագիտութիւնը յայտնեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին եւ Երէցկին Տէպրային, եւ բոլոր անոնց, որոնք անոր ձեռնադրութեան օրէն սկսեալ նեցուկ կանգնելով կը քաջալերեն իր հոգեւոր ծառայութիւնը։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս փակման խօսքին մէջ շնորհաւորեց Տէր Հօր ձեռնադրութեան տասնամեակը եւ անոր օրինակելի ծառայութիւնը։ Ան բարձրօրէն գնահատեց գաղութի ներդրումը եւ անոր մասնակցութիւնը հայ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ «Եկեղեցւոյ 85 ամեակը յատկանշական է, որովհետեւ ան կը փաստէ չորս շարունակական սերունդներու գործօն ներկայութիւնը, ինչպէս կը տեսնենք այսօր։ Կը նշանակէ, որ այս եկեղեցին ո՛չ միայն անցեալն ու ներկան է, այլ նաեւ ապագան», մատնանշեց Սրբազան Հայրը։ Ան շեշտեց գաղութի բոլոր մասնիկներուն կարեւորութիւնը եւ ըսաւ թէ եկեղեցին եւ քոյր կազմակերպութիւնները միասնաբար իրենց գործունէութեամբ աշխոյժ կը պահեն գաղութը։  Վերջապէս, ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ համայնքին, նշելով թէ ան եղած է առաջնագծի վրայ, իր ներդրումը բերելով համահայկական ծրագիրներուն՝ 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժէն սկսեալ մինչեւ այսօրուան մարտահրաւէրները հայրենի եւ Սփիւռքի օճախներէն ներս։

Երգչախումբը գեղարուեստական իր յայտագիրով գրաւեց ներկաներուն ուշադրութիւնը։ Երեկոն իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա»յի երգեցողութեամբ։