
News
ՖԻԼԱՏԵԼՖԻՈՅ ARMENIAN HERITAGE WALK-Ը ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ԱՊՐԻԼ 2026-ԻՆ

Շաբաթներու ընթացքին, Armenian Heritage Walk-ի նախագիծը կը շարունակէ զգալի յառաջդիմութիւն արձանագրել Ֆիլատելֆիոյ մէջ։ Նկարը ցոյց կու տայ անցուղիի մայթին տեղաւորումը։ Վերեւի բացուածքները կոչուած են յենարան ըլլալու լուսաւորման համակարգի մը, որ բազմերանգ պիտի ըլլայ։
Շնորհիւ ցարդ կատարուած առատաձեռն նուիրատուութիւններուն, նախագիծը կը յառաջանայ ըստ ծրագրումի եւ անոր աւարտը նախատեսուած է Ապրիլ 2026-ին։ Այս նախաձեռնութեան ձեր աջակցութիւնը բերելու համար, կրնաք այցելել ArmenianHeritageWalk.org/Donate կայքը։