News
ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՄԻՆԱՍ ՀԱՖԹՎԱՆԻ (1939-2025)
Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, եւ Ազգային Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովները խոր ցաւով իմացան պրն. Մարտիրոս Մինաս-Հաֆթվանիի մահը, որ տեղի ունեցած է Երկուշաբթի, 29 Սեպտեմբերին, Լաս Վեկասի մէջ։
Հանգուցեալը Ազգային Առաջնորդարանի երկարամեայ հաշուապահը եղած է, իր ծառայութիւնը բերելով հոգելոյս Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոսի, ինչպէս նաեւ Գերշ. Տ. Օշական Արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեան օրերուն։ Ան եղած է տիպար պաշտօնեայ մը, յայտնի՝ իր հաւատարմութեամբ եւ բծախնդրութեամբ, բոլորին կողմէ սիրուած եւ յարգուած իր բարեացակամութեամբ ու ազնուութեամբ եւ միշտ պատրաստ իր օժանդակութիւնը բերելու ուր որ անհրաժեշտ էր։
Մարտիրոս Մինաս-Հաֆթվանի ծնած է 15 Ապրիլ, 1939-ին, Սպահանի մէջ։ Իր երկրորդական կրթութիւնը ամբողջացնելէ ետք, 1972-ին վկայուած է Փարիզի համալսարանի Թեհրանի մասնաճիւղի անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի դասընթացքներէն։
1960-1979-ին աշխատելէ ետք ճարտարագիտական յայտնի Sir Alexander Gibb & Partners ընկերութեան մէջ, 1979-ին գաղթած է Նիւ Եորք, ուր շարունակած է աշխատիլ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք)՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի հոգեւոր հովուութեան շրջանին, եւ Ազգային Առաջնորդարանին մէջ։
Մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ընտանեկան պարագաներուն։
Յիշատակն արդարոյն օրհնեալ եղիցի։