Featured, Առաջնորդարանէն

ԱՆԹՈՆԻԱ ԱՐՍԼԱՆԻ «ՄՇՈՅ ԳԻՐՔԸ»Ի ՀԱՅԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Ազգ. Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ, Մշակոյթի Ամսուան եւ Թարգմանչաց տօնին առթիւ, Ուրբաթ, 10 Հոկտեմբերին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ (Տակլըսթըն, Նիւ Եորք) պիտի ներկայացուի իտալահայ ծանօթ արձակագիր Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ գիրքը» վիպակը, զոր իտալերէնէ հայերէնի թարգմանած է Ազգային Առաջնորդարանի դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։

Վիպակը կը ներկայացնէ հայերէն ամենամեծ ձեռագրի՝ 13-րդ դարու «Մշոյ ճառընտիր»ի ոդիսականը Մեծ Եղեռնի օրերուն, երբ երկու անանուն կիներու անձնազոհութեամբ, հսկայական ձեռագիրը երկու մասերու բաժնուած է եւ Մուշէն հասած մինչեւ Կովկաս, ի վերջոյ տասնամեակ մը ետք միանալու համար Ս. Էջմիածնի մէջ ու ապա վերջնական հանգրուանը գտնելու Երեւանի Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ։ Պատումը, ի հարկէ, պատմութեան պահպանած սակաւաթիւ տուեալներուն գոյն եւ կեանք տուած է վիպական մանրամասնութիւններու յաւելումով, որոնց ընդմէջէն Անթոնիա Արսլան «Մշոյ ճառընտիր»ի վերապրումի պատմութիւնը վերածած է հաւաքական յիշողութեան մարմնաւորման, հայոց ինքնութեան շարունակականութեան յոյսի արտայայտութեան։ «Մշոյ գիրքը», որ իտալերէն լոյս տեսած է 2012-ին, երեք հրատարակութիւն ունեցած է եւ թարգմանուած է անգլերէնի ու արեւելահայերէնի։