ԱՆԳԼԵՐԷՆ “SERENDIPITY” ԲԱՌԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐԸ

Անգլերէն “serendipity” բառը կը նշէ լաւ կամ արժէքաւոր բանի մը պատահական գիւտը, առանց զայն փնտռելու։ Հայերէն ամենէն մօտաւոր համարժէքը «պատահականութիւն» բառը պէտք է սեպել (հմմտ. Պարոյր Սեւակի բանաստեղծական տողը՝ «Պատահաբար են պատահում կեանքում, ու անհրաժեշտաբար հրաժեշտ են տալիս)։
Անգլերէն բառը ստեղծած է անգլիացի գրող Ճոն Ուոլփոլ, երբ 1754-ին գրած նամակի մը մէջ, գեղանկարի մը մասին իր բախտաւոր գիւտը յատկանշած է իբրեւ «գրեթէ այն երկրէն զոր կը կոչեմ Serendipity»։ Ուոլփոլ նկատի ունէր «Սերենտիփի երեք իշխանները» խորագրուած արեւելեան հէքիաթը, զոր կարդացած էր 1719-ի ֆրանսերէն թարգմանութեամբ։ Սերենտիփ մերօրեայ Սրի Լանքա (Սէյլան) կղզիի պարսկական անունն էր։
Սակայն, այդ հէքիաթին բուն աղբիւրը իտալերէն էր։ 1557-ին վենետիկցի հրատարակիչ Միքելէ Թրեմեցցինօ հրատարակած էր “Peregrinaggio di tre giovani figliuoli del re di Serendippo” («Սերենտիփոյի թագաւորի երեք երիտասարդ որդիներու ուխտագնացութիւններ») գիրքը։ Թագաւորին որդիները իրենց ուշիմութեամբ, պատահական հետքերու զննումով յաջողած էին լուծել կորսուած ուղտի մը գաղտնիքը։ Կողքին վրայ կը յայտարարուէր թէ գիրքը պարսկերէնէ իտալերէնի թարգմանած էր ոմն Christoforo Armeno։
Երկար ժամանակ, ենթադրուած է, որ այլապէս անյայտ հայը՝ Christoforo Armeno, Թրեմեցցինոյի հնարանքն էր աւելի վաւերականութիւն ընծայելու իր հրատարակութեան։ Սակայն, իտալացի հետազօտողներու ջանքերը յաջողած են այս առեղծուածը մասամբ պարզել։ Արխիւներու մէջ պահպանուած է Յուլիոս Գ. Պապի կողմէ 1552-ին տրուած անցաթուղթ մը Թաւրիզի հայու մը, որ իտալերէնի գիտակ էր ու Իտալիա ներգաղթած։ Արեւելեան լեզուներու լաւագիտակ նման հայ մը, ըստ ուրիշ փաստաթուղթերու, Վենետիկի հանրապետութեան կողմէ պարբերաբար օգտագործուած է իբրեւ թարգմանիչ եւ մտերիմ բարեկամ եղած է Ճուզեփփէ Թրեմեցցինոյի՝ հրատարակիչին եղբօրորդիին։
Հայերէն աղբիւրները լուռ են այս հեղինաին մասին։ Միայն կրնանք ենթադրել, որ անոր բուն անունը Քրիստափոր եղած ըլլալու է։ Անունը մօտ երկու տասնեակ անձերու կողմէ գործածուած է մինչեւ 13-րդ դար, ներառեալ՝ 5-րդ-7-րդ դարերուն գահակալած երեք կաթողիկոսներ։