Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԳԱՆԱՏԱ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

16-21 Հոկտեմբերին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ այցելեց Գանատա՝ Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի համայնքներուն մէջ գահակալութեան 30-ամեակի տօնակատարութեան առիթով։ Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, մաս կազմեց Վեհափառ Հայրապետի շքախումբին։
Մոնթրէալ ժամանելով Հինգշաբթի, 16 Հոկտեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Գանատայի Թեմի Առաջնորդ Բաբգէն Արքեպիսկոպոսի, հոգեւորականաց դասու, համայնքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան կողմէ։ Իր պատգամին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս ներկայացուց իր այցելութեան բնաբանը՝ «Եկէ՛ք միասնաբար վերակենսաւորենք մեր համայնքային կառոյցները», կոչ ուղղելով վերանորոգելու միասնական եւ աշխոյժ մասնակցութեան ոգին։
Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ, ինչպէս նաեւ մշակութային հանդիսաւոր ձեռնարկ մը, որուն յայտագրին մաս կազմեցին, արուեստագէտներու կողքին, Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ Շխրտըմեան՝ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ, եւ Արժպ. Տ. Նշան Քհն. Մանուկեան՝ Գեմպրիճի Ս. Նշան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։
Շաբաթ, 18 Հոկտեմբերին, Նորին Սրբութիւնը ժամանեց Թորոնթօ իր շքախումբով։ Նոյն երեկոյեան տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտըմեան, որուն հետեւեցաւ Ազգային Վարչութեան ատենապետուհի տիկ. Ծովիկ Թէրզեան։ Անոնք վեր առին Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 30-ամեայ անսակարկ ծառայութեան գլխաւոր գիծերը։ Արիս Պապիկեան` Օնթարիօ նահանգի երեսփոխանը, ընթերցեց նահանգի վարչապետ Տակ Ֆորտի նամակը, ուր ան իր խոր գոհունակութիւնը կը յայտնէր Նորին Սրբութեան Օնթարիօ այցելութեան առիթով եւ կը յիշէր Վեհափառ Հայրապետին ունեցած կեդրոնական դերը միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց աշխուժացման եւ միջ-կրօնական երկխօսութեան խորացման մէջ։
Օնթարիոյի մօտ Լիբանանի պատուոյ հիւպատոս Գրիգոր Փոսթաճեան Լիբանանի պետութեան ու կառավարութեան յատուկ շնորհաւորութիւնները յայտնեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ գահակալութեան 30-ամեակին առիթով։
Ընթրիքի աւարտին հայրապետական իր խօսքը ուղղեց Նորին Սուրբ Սրբութիւնը։ Ան Անթիլիասի եւ անթիլիասական Միաբանութեան ծառայական առաքելութեան վրայ լոյս սփռելով, ըսաւ ի միջի այլոց. «Հոգեւորականին կեանքը անձնակեդրոն, ինքնակեդրոն, ինքնանպատակ կեանք չի՛ կրնար ըլլալ: Մենք կ՚ապրինք, կը գործենք, կը ծառայենք նուիրական նպատակի մը համար: Անձը նպատակ չէ. անձը միջոց է: Վա՛յ այն կազմակերպութեան, վա՛յ այն համայնքին, վա՛յ այն պետութեան կամ կառոյցին, որ կը գործէ ու կը ծառայէ անձի համար: Ինչպէս ըսի, անձը միջոց է, բայց վա՛յ մեզի, երբ ան նպատակ դառնայ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ ա՛յս ոգիով, ա՛յս տեսլականով, ա՛յս յանձնառութեամբ կազմաւորուեցանք ու կը կազմաւորենք սերունդներ»:
Կիրակի, 19 Հոկտեմբերի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ուղղուեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի, ուր մեծ թիւով հաւատացեալներ կը սպասէին անոր ժամանումին: «Հրաշափառ»ի արարողութենէն ետք, Ս. Պատարագ մատուցեց Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս: Բարի գալուստի խօսք ուղղեց Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։
Նորին Սրբութիւնը իր հայրապետական պատգամին ընթացքին յայտնեց.
«Եկեղեցին Աստուծոյ տունն է, եւ Աստուած մեզ կը հրաւիրէ այս տան հարազատ զաւակները ըլլալու, այս տան արժէքներով մեր կեանքը իմաստաւորելու, մեր կեանքի ճամբան լուսաւորելու, մեր կեանքը երկնային ճշմարտութիւններով ու արժէքներով իմաստաւորելու: Ա՛յս է պատգամը Աստուծոյ այս տան. ա՛յս է պայմանը այս տան հաւատարիմ անդամը ըլլալու:
Հետեւաբար, որպէս հայրապետական պատգամ, այսօր կը յիշեցնեմ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, թէ հրամայական է, որպէս քրիստոնեայ հայեր, մեր կեանքը արժէքներով լեցնելու, որովհետեւ արժէքներով է որ մեր կեանքը կ՚իմաստաւորուի ու իմաստ կը ստանայ: Առանց այդ արժէքներու առկայութեան ու մանաւանդ անոնց նկատմամբ մեր ունեցած հաւատարմութեան, մեր կեանքը կը դառնայ անիմաստ ու դատարկ»:
Թուարկելէ ու անդրադառնալէ ետք այդ արժէքներուն՝ հայ եկեղեցին, հայ դպրոցը, հայոց հայրենիքը, Վեհափառ Հայրապետը եզրակացուց. «Ահաւասիկ երեք սրբազան արժէքներ, որոնք պէտք է մնայուն ներկայութիւն ըլլան մեր մտածումներուն ու գործերուն մէջ՝ դառնալով մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքի ամուր հիմքերը»:
Սուրբ Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, իսկ ժողովրդային հիւրասիրութիւն՝ սրահին մէջ:
Երեքշաբթի, 21 Հոկտեմբերին, Վեհափառ Հայրապետը եզրափակեց իր այցելութիւնը՝ հանդիպելով Գանատայի վարչապետ Մարք Քարնիին Օթթաուայի մէջ։
Շուրջ մէկ ժամուան հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցած խօսակցութիւնը ընդգրկեց հետեւեալ մարզերը. Լիբանան, Սուրիա, Միջին Արեւելք, Հայաստան, Պաղեստին ու Կազա: Վեհափառ Հայրապետը պարզեց իր մօտեցումներն ու մտահոգութիւնները, ընդառաջելով վարչապետի փափաքին: Նորին Սրբութեան կողմէ յատուկ կերպով արծարծուեցաւ Արցախի ու Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրէն կերպով բանտարկուած Արցախի ղեկավարութեան հարցը: Վեհափառ Հայրապետը առաջարկեց Գանատայի վարչապետին, որ յատուկ աշխատանք տանի քաղաքական բանտարկեալներուն շուտափոյթ ազատ արձակման, Արցախի ժողովուրդի վերադարձի ու ինքնիշխանութեան իրաւունքի վերահաստատման եւ Արցախի կրօնական-մշակութային կոթողներու պահպանման գծով: