Featured, Առաջնորդարանէն, Կաթողիկոսարանէն

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ Ի ՊԱՏԻՒ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ

Կիրակի, 16 Նոյեմբերին, Լոնկ Այլընտի «Կարտըն Սիթի» պանդոկին մէջ, Արեւելեան Թեմը մեծաշուք հանդիսութեամբ նշեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան 30-ամեակը աւելի քան 175 հոգիի ներկայութեամբ։

Ներկայ էր Վեհափառ Հայրապետին ընկերացող պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Արեւմտեան թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արքեպիսկոպոս, Գանատայի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս, Արեւմտեան Թեմի նախկին Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Արքեպիսկոպոս, Կաթողիկոսարանի դիւանապետ՝ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպիսկոպոս, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան, Կաթողիկոսարանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան պատասխանատու ու գաւազանակիր՝ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսը Ֆրէզնոյի մէջ՝ պրն. Պերճ Աբգարեան։ Յատուկ հիւրերու շարքին կը գտնուէին  դեսպան Պարոյր Յովհաննիսեան՝ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ ՄԱԿ-ի մէջ, Կապրիէլէ Արք. Գաչիա՝ Վատիկանի մշտական ներկայացուցիչ ՄԱԿի մէջ, եւ Նեկտարիոս եպիսկոպոս՝ Ամերիկայի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ դիւանապետ։

Հանդիսավարութիւնը կատարեց Ռիչըրտ Քանարեան՝ Ազգային Վարչութեան փոխ-ատենապետ։ Անոյշ Պարքլիի եւ Յուշեր Պզտիկեանի կողմէ ամերիկեան եւ հայկական քայլերգերու մեկնաբանութենէն ետք, հոգեւորական դասը երգեց կաթողիկոսական մաղթերգը՝ «Ի վեհ բարձանց»։

Ողջոյնի խօսք արտասանեց Սիւզըն Չիթճեան-Էրիքսըն՝ կազմակերպիչ յանձնախումբի համա-ատենապետուհի, որուն հետեւեցաւ Արամ Համբարեան՝ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր տնօրէն։ Գերպ. Տ. Արտակ Ծ. Վրդ. Արապեան՝ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ (Ուստըր, Մէսէչուսէթս) հոգեւոր հովիւ եւ Կրօնական Ժողովի անդամ, իր խօսքին մէջ շեշտեց.

«Ձեր Կաթողիկոսական Գահակալութեան երեսնամեայ յոբելեանին առիթով, ահաւասիկ, եկեղեցի ու ժողովուրդ դարձեալ կու գանք վերանորոգելու մեր ուխտը, եւ երդուելու՝ առաքելաւանդ մեր Աթոռին առ Աստուած ճախրանքին թեւ ու թռիչք դառնալու։

Վեհափառ Տէր, յուսադիր աչքերով Հայոց Աշխարհը ձեզի կը նայի այսօր Նոր Ուխտի ակնածանքով ու սպասումով»։

Իր կարգին, գնդ. Արամ Սարաֆեան՝ Ազգային Վարչութեան ատենապետ, դիտել տուաւ, որ «Նորին Սրբութիւնը յաճախ շեշտած է, որ մեր Եկեղեցւոյ ուժը կը չափուի ո՛չ թէ կառոյցներով, այլ ծառայութեամբ, վկայութեամբ եւ մեր համայնքի ապրուած հաւատքով։ Ապրող Եկեղեցի մը, ան կը յիշեցնէ մեզի, պէտք է կապ պահէ արտաքին աշխարհին հետ, անոր վերաբերելով կարեկցութեամբ, կանգնելով խոցելի մարդոց կողքին եւ համարձակօրէն խօսելով ի խնդիր արդարութեան եւ մարդկային արժանապատուութեամբ»։

Օտար եկեղեցիներու ձայնը միացաւ գնահատանքի խօսքերուն։ Նեկտարիոս Եպիսկոպոս բնորոշեց Վեհափառ Հայրապետը իբրեւ «աղօթքի մարդ, Աստուծոյ մարդ», իսկ ծիրանաւոր Գաչիա յայտնեց, թէ այս հանգրուանը «առաքելական ղեկավարութեան» արտայայտութիւն մըն է, հանդիսանալով նաեւ «Քրիստոսով կեանքի արտայայտութիւնը», զոր Նորին Սրբութիւնը կը կիսէ մեզի հետ։

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, մասնակցութեամբ երգչուհիներ Անոյշ Պարքլիի, Յուշեր Պզտիկեանի եւ Քարինա Վարդանեանի, եւ ցուցադրուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան նուիրուած տեսերիզ մը։

Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, անդրադարձաւ Վեհափառի բազմազան գործունէութեան իրագործումներուն, շեշտելով, թէ «մեր երկինքը զարդարելով իր հոգեւոր ու մտաւորական փայլքով՝ ծիածանի մը նման, միաժամանակ հարստացնելով հայ մշակոյթի գանձարանը»։

Նոր սերունդի դաստիարակի դերը վեր հանեց, միաժամանակ յիշելով, թէ ան խորհրդատու եղած է եկեղեցական ու աշխարհական դէմքերու, Հայ Դատի աննկուն պաշտպան, եւ մեծածաւալ շինարար՝ փոխակերպելով թէ՛ Անթիլիասի մայրավանքը եւ թէ՛ Պիքֆայայի վանքը, բայց մանաւանդ՝ բազմացնելով միաբաններու թիւը եւ որակը։ Ամէն բանէ վեր, երկխօսութեան ու խաղաղութեան զանգակատուն մը եղած է Միջին Արեւելքի եւ Հայաստանի տագնապի պահերուն. «Կ՚աղօթենք, որ ան շարունակէ մեզ առաջնորդել դէպի խաղաղ նաւահանգիստ ի խնդիր Հայ Եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ հայ ազգի լուսաւորութեան»։

Եզրափակիչ խօսքով, Վեհափառ Հայրապետը նախ իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ ապա ըսաւ. «Նման առիթներ ո՛չ միայն կը յիշեցնեն կատարուած գործը, այլ նաեւ ու մանաւանդ կատարուելիքը: Անցեալին նայիլ կը նշանակէ ճիշդ կերպով ծրագրել ապագան: Երբ կը փորձենք մեր Սուրբ Աթոռին անցնող 30 տարիներու կեանքին ու առաքելութեան արժեւորումը կատարել, վստահաբար պիտի տեսնենք, թէ հսկայ գործ է կատարուած, եւ այդ գործը առաքելութիւն է ու ծառայութիւն՝ Աստուծոյ փառքին, մեր Հայրենիքին, ազգին ու եկեղեցւոյ համար: Ա՛յս է Անթիլիասի առաքելութեան ճամբան ու նպատակը: Այդ առաքելութեան մաս կը կազմեն մեր միաբան հայրերը, ժողովականներն ու մեր թեմերը։ Սփիւռքի վերակազմակերպումը ու մարդուժի պատրաստութիւնը պիտի դառնան գլխաւոր մարզերը մեր Սուրբ Աթոռին ծառայութեան»:

Անգլերէն շարունակութեան մէջ, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, թէ ամերիկահայ համայնքը էական դեր մը ունի մեր Եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ, օգնելով հոգեւորականներու եւ ուսուցիչներու պատրաստութեան, ձեռնարկելով ծրագիրներու, որոնք երիտասարդութեան գործօն մասնակցութիւնը կը քաջալերեն, եւ զարկ տալով ժողովուրդին ուղղուած կրթական, հովուական եւ մարդասիրական ծրագիրներ։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետի «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով։