Ի՞նչ Պատահեցաւ Այս Շաբաթ Հայոց Պատմութեան Մէջ

ԼԵՒՈՆ Ե. ԼՈՒՍԻՆԵԱՆ (մահ՝ 29 Նոյեմբեր, 1393)

Գրեթէ երեք դարու գոյութենէ ետք, Կիլիկիոյ հայկական պետութիւնը ինկսծ է 1375-ին։ Վերջին թագաւորը եղած է Լեւոն Ե.։

Լեւոն թագաւորը ծնած է 1342-ին։ Կրտսեր զաւակն էր Լեւոն Բ. թագաւորի (1270-1289) աղջկան Զապէլի որդիին՝ Ջիւան Լուսինեանի, եւ Սուլթան անունով վրացի (ըստ այլ աղբիւրներու՝ հայ) կնոջ մը։ Հայրը սպաննուած է 1343-ին, իսկ մայրն ու երկու զաւակները՝ Պոհեմունտ եւ Լեւոն, ապաստանած են Կիպրոս, փախուստ տալով Կոստանդին Բ. թագաւորի (1345-1363) հալածանքէն։

Կոստանդին Դ. թագաւորի (1365-1373) սպանութենէն ետք, Հռոմի Ուրբանոս Ե. Պապի օժանդակութեամբ եւ Կոստանդին Ե. Սսեցի կաթողիկոսի համաձայնութեամբ, Լեւոն Լուսինեան հրաւիրուած է Կիլիկիա գահակալելու։ Ժամանումէն ամիսներ ետք՝ 14 Սեպտեմբեր 1374-ին, Սիս քաղաքի Սուրբ Սոֆիա տաճարին մէջ հայոց թագաւոր օծուած է՝ նախ լատինական, ապա նաեւ հայկական ծէսով, հայկական իշխանական տուներու դժգոհութիւնը մեղմացնելու համար։ Լեւոն Ե. ժառանգած է մասնատուած ու կիսաւեր երկիր մը եւ թագապահ խորհուրդին կողմէ դատարկ գանձարան մը, որուն գումարուած է Եգիպտոսի մամլուքներու մնայուն վտանգը, որ ի վերջոյ թագաւորութեան անկման պատճառը հանդիսացած է։

Լեւոն Ե. թագաւորութիւնը հազիւ տեւած է մէկ տարի։ Անոր իշխանութիւնը տարածուած է ընդամէնը Սիսի, Անաւարզայի եւ Լեռնային Կիլիկիոյ փոքր տարածքներու վրայ։ Անոր խիստ լատինամէտ քաղաքականութիւնը դժգոհութիւն յառաջացուցած է թէ՛ հակակաթոլիկ շրջանակներու եւ թէ՛ հարեւան իսլամական պետութիւններու մէջ։ Իբրեւ հետեւանք, Եգիպտոսի սուլթան Մելիք Աշրաֆի զօրքերը Սիսը պաշարած են 5 Յունուար, 1375-ին։ Երեք ամսուան հերոսական պաշտպանութենէ ետք, 13Ապրիլին թագաւորը՝ կեանքի ապահովութեան երաշխիք ստանալով սուլթանի ներկայացուցիչ Հալէպի ամիրայէն, անձնատուր եղած է եւ իր ընտանիքին, Պօղոս Ա. Կաթողիկոսին եւ շուրջ 20 հայ մեծամեծներու հետ գերեվարուած է նախ Հալէպ եւ ապա Գահիրէ։

Եօթնամեայ բանտարկութենէ ետք, Սեպտեմբեր 1382-ին Սպանիոյ երկու թագաւորութիւններու՝ Կաստիլիոյ եւ Արակոնի թագաւորներու միջնորդութեամբ, Լեւոն Ե. ազատ արձակուած է ու մեկնած է Եւրոպա։ Մարտ 1383-ին հասած է Սպանիա, ուր Կաստիլիոյ Խուան Ա. թագաւորը իրեն պարգեւած է Մատրիտ, Վիլլառէալ եւ Անտուխար քաղաքներու ցկեանս տիրակալութիւնը։ Գահազուրկ թագաւորը զանազան փորձեր կատարած է Կիլիկիան ազատագրելու, սակայն անօգուտ։ Կեանքի վերջին տարիներուն ապրած է Փարիզի Սէնթ Օուէն պալատին մէջ, որ իրեն յատկացուցած էր Ֆրանսայի Շառլ Զ. թագաւորը։ Մահացած է 29 Նոյեմբեր, 1393-ին, Փարիզի մէջ։ Անոր դամբարանը կը գտնուի Սէն Տընի եկեղեցւոյ մէջ (Փարիզ)։