Մեր ծուխերէն

«ԱՂ ՈՒ ԼՈՅՍ» ԾՐԱԳԻՐԸ ՎԵՐՍԿՍԱՒ ՓՐԱՒԻՏԸՆՍԻ ՄԷՋ

17 Նոյեմբերին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) «Աղ ու լոյս» խմբակի աշնան աշխատանքները սկսան։

Խումբը 12 պատանիներէ բաղկացած է (3 նոր անդամներ)։ Առաջին այս երեկոն վարեց Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեանը՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, որ նախ խօսեցաւ Ս. Պատարագի ընթացքին գործածուող զգեստներու մասին, անդրադառնալով Ս. Գիրքի համապատասխան հատուածներուն, զգեստներու նշանակութեան, զգեստաւորման կարգին եւ աղօթքներու մատուցման՝ զգեստաւորման ընթացքին։ Պատանիները հերթաբար կարդացին Եփեսացիներու նամակէն (Եփ 6.10-18) Աստուծոյ զրահի վեց մասերուն մասին, որոնք զգեստներու բնորդը եղած են։ Անոնք շահեկան քննարկումի մը տեղի տուին իրենց հարցումներով։

Երկրորդ բաժինը նուիրուած էր նշխարի պատրաստութեան։ Պատանիները կարդացին Սուրբ Գիրքի համապատասխան հատուածները եւ Տէր Հայրը ցոյց տուաւ պատրաստութեան կերպը, եւ պատանիներէն իւրաքանչիւրը նշխար պատրատեց՝ տուն տանելու համար։ Անոնք քննարկեցին Աստուծոյ յենուելու կարեւորութիւնը՝ մեր ֆիզիքական եւ հոգեւոր ամէնօրեայ կարիքները բաւարարելու համար։

Նիստի աւարտի, Տէր Գաբրիէլ օրհնեց նշխարները երիտասարդական հաւաքներու սենեակի խորանին վրայ։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը։