News
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ 2026-Ի ՅՈՒՇԱՏԵՏՐԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ
Լոյս տեսաւ Ազգային Առաջնորդարանի 2026-ի Յուշատետրը, որ նուիրուած է Ս. Յովհան Օձնեցի Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ գումարուած Մանազկերտի ժողովի (726) 1300-ամեակին։ Հայ եւ Ասորի եկեղեցիներու համատեղ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած այս ժողովը երկու եկեղեցիներու դաւանական հարցերու լուծման մեծապէս սատարած է։ Այդ հարցերէն շատեր այսօր եւս տարբեր ձեւերով կը յուզեն համաքրիստոնէական մեծ ընտանիքը։
Իր ներածական խօսքին մէջ, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս գրած է.
«Մանազկերտի ժողովէն կարելի է հետեւեալ գործնական դասերը քաղել․
Ա․ Մարդեղութեան խորհուրդը մեր հասողութենէն գերիվեր ըլլալով, բոլոր դարերուն միշտ առճակատումի պատճառ դարձած է, դժբախտաբար, որովհետեւ զուտ մարդկային պրիսմակէն դիտուելով, մերկացած է իր վսեմութենէն եւ աստուածային նկարագրէն։ Նման պարագաներուն էականը Հայոց Կաթողիկոսին եւ Ասորւոց Պատրիարքին նման լուսամիտ Առաջնորդներու դերակատարութիւնն է։ Երկու հոգեւոր ղեկավարներ, որոնք առաջքը առնելով սխալ վարդապետութեանց, խնայած են բեւեռացումը, ակօսելով խաղաղութեան ճանապարհը։
Բ․ Հայ եւ Ասորի եկեղեցիները Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու ընտանիքի անդամ ըլլալով մէկտեղ, ունին յատկանշական տարբերութիւններ, ինչ որ լաւագոյն ապացոյցն է փոխադարձ հասկացողութեան եւ հանդուրժողութեան ոգիին։
Գ․Երկխօսութիւնը, ինչպէս անհատներու պարագային, նոյնքան եւ աւելի եկեղեցական թէ աշխարհական մարմիններու միջեւ հրամայական պահանջք է, որովհետեւ իրարմէ բաժնող պատերու քարերը կը վերածէ կամրջող քարերու»։
Յուշատետրը անընդմէջ լոյս կը տեսնէ 1974-էն ի վեր եւ ամէն տարի նուիրուած է տարբեր դէպքի մը կամ դէմքի մը։
Մեր ծխականներն ու բարեկամները միշտ գնահատած են Յուշատետրը իբրեւ անհրաժեշտ տեղեկութիւններու փոքրիկ շտեմարան մը, որ կը ներառնէ հայկական տոհմիկ անուններու ծաղկեփունջ մը։ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ եւ մեր ազգային տօներուն գեղեցիկ յիշատակարան մըն է, զոր կը մշակենք ու կը բարելաւենք ամէն առիթով։
Յուշատետրի ամէնամեայ հրատարակութիւնը մաս կը կազմէ Ազգային Առաջնորդարանի ծառայութեան։ Ձեզի նման ազնուասիրտ անհատներու քաջալերանքը կ՚ապահովէ անոր յարատեւութիւնը։