Առաջնորդարանէն

ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ COAF-Ի ԿԱԼԱՅԻՆ

Շաբաթ, 13 Դեկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ներկայ եղաւ COAF-ի (Հայաստանի Մանուկներու Ֆոնտ) 22-րդ տարեկան շքեղ կալային «Փլազա» պանդոկին մէջ։ Հայաստանէն հրաւիրուած պատանի արուեստագէտներ ելոյթ ունեցան յայտագրին մէջ, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով հայ թէ օտար հրաւիրեալներուն մէջ։ Հիմնադրամի տնօրէն՝ տոքթ. Կարօ Արմէն, սրտագին շնորհակալութիւն յայտնեց անխտիր բոլոր բարերարներուն, որոնք միշտ նեցուկ կանգնելով իրեն, յաջողցուցած ես այս ազգաշէն առաքելութիւնը։ Այս տարուան դրամահաւաքի եկամուտը հասած է աւելի քան 8 միլիոն տոլարի։

Սրբազան Հայրը, յանուն Ազգային Առաջնորդարանին, մեծապէս գնահատեց Կարօ Արմէնի օրինակելի նախաձեռնութիւնը, որ կը ցոլացնէ Սփիւռքի զօրակցութիւնը ի խնդիր նորահաս սերունդի յառաջդիմութեան եւ հայրենիքի վերելքին։