
News
ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ «ՄՇՈՅ ԳԻՐՔԸ» ԲԱՇԽԱԾ է ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ

Ազգային Առաջնորդարանի վերջին հրատարակութիւնը իտալահայ գրագիտուհի Անթոնիա Արսլանի «Մշոյ գիրքը» վիպակին հայերէն թարգմանութիւնն է, զոր իտալերէն բնագրէն կատարած է Առաջնորդարանիս դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։
Վիպակը կը պատմէ 13-րդ դարու ամենամեծ հայկական ձեռագրին՝ «Մշոյ ճառընտիր»ի փրկութեան պատմութիւնը, երբ Մեծ Եղեռնի օրերուն երկու անանուն կիներ հսկայ գիրքը բաժնած ու շալկած են, զայն հասցնելու Արեւելեան Հայաստան։
Թարգմանութենէն օրինակներ բաշխուած են մեր շրջանի ամէնօրեայ վարժարաններուն՝ Ս. Ստեփանոս ամէնօրեայ վարժարան (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս), Յովնանեան վարժարան (Նիւ Միլֆըրտ, Նիւ Ճըրզի), Սրբոց Նահատակաց վարժարան (Պէյսայտ, Նիւ Եորք) եւ Հայ Քոյրերու վարժարան (Ռէտնըր, Փէնսիլվէնիա)։ Հայ Քոյրերու վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտները շնորհակալական նամակ մը գրած են Առաջնորդ Սրբազան Հօր (տե՛ս նկարը)։
«Մշոյ գիրքը»ի հայերէն եւ անգլերէն թարգմանութիւնները տրամադրելի են Առաջնորդարանի գրախանութէն։