Կաթողիկոսարանէն

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ

Սուրբ Ծնունդը եւ Աստուածայայտնութեան տօնը հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Երեքշաբթի, 6 Յունուարի առաւօտեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը մատուցեց Սուրբ Պատարագ, կատարեց Քրիստոսի մկրտութիւնը խորհրդանշող ջրօրհնէքի արարողութիւնը եւ համայն հայութեան յղեց իր հայրապետական պատգամը: Վեհափառ Հայրապետի առընթերակայ եպիսկոպոսներն էին Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Սիփան Արք. Քէչէճեան եւ Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան: Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի:

Ս. Պատարագին մասնակցելու նպատակով Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ժոզէֆ Աուն ուղարկած էր իր ներկայացուցիչը՝ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարուհի դոկտ. Նորա Պայրագտարեան։ Մեծաթիւ հաւատացեալներու կողքին Ս. Պատարագին մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան անձնակազմը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի անդամները, պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ զանազան կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Նորին Սրբութիւնը իր հայրապետական պատգամով աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի զաւակներուն աւետեց Քրիստոսի Սուրբ Ծնունդը։ Անդրադառնալով օրուան խորհուրդին՝ ան ըսաւ, որ «դարեր առաջ, Բեթղեհէմի մսուրին մէջ տեղի ունեցաւ մարդկային պատմութեան մեծագոյն խորհուրդը, շարականին բառերով՝ «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի»: Երկինքը երկիր իջաւ, որպէսզի երկինքէն հեռացած երկիրը մօտեցնէ երկինքին: Աստուած մարդ դարձաւ, որպէսզի իրմէ հեռացած մարդը դարձեալ մօտեցնէ Իրեն։ Եդեմի դրախտը դարձած էր Աստուած-մարդ առաջին հանդիպման վայրը. միաժամանակ Եդեմը դարձած էր Աստուած-մարդ հեռացման վայրը՝ մարդուն մեղանչումով ու դրախտէն վտարումով: Բեթղեհէմը դարձաւ Աստուած-մարդ վերահանդիպման վայրը»:

Վեհափառ Հայրապետը կեդրոնացաւ Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդին վրայ եւ յայտնեց, որ «Բեթղեհէմի մէջ Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը դարձաւ մարդուն վերածնունդը: Իր Միածին Որդւոյն ճամբով, Աստուած մարդկային բնութիւն առաւ, դարձաւ Աստուածամարդ, մարդուն վերամարդացման համար: Արդարեւ, Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումը էական էր մարդու վերամարդացման համար՝ մեղքի տիրապետութենէն անոր ազատագրման, մարդուն մէջ Աստուածային պատկերին ու նմանութեան վերականգման, մարդը դէպի փրկութեան ճամբան առաջնորդելու համար: Ինչպէս Աւետարանիչը կ՚ըսէ՝ Աստուած այնքան սիրեց մարդը, որ նոյնիսկ Իր Միածին Որդին ղրկեց՝ մեղքի մէջ խրած մարդուն ազատագրութեան համար (հմմտ. Յհ 3.16)»: Ան նաեւ մէջբերեց Քրիստոսի առաքեալներուն պատուէրը նորադարձ քրիստոնեաներուն՝ «մոռցէ՛ք հին մարդը՝ հին կեանքով, մտածումներով ու գործերով, ու եղէք նո՛ր մարդ»: Արդ, Բեթղեհէմը նոր մարդուն ծնունդն է: Ահա թէ ինչո՛ւ Քրիստոսի առաքեալները նորադարձ քրիստոնեաներուն յիշեցուցին՝ մոռցէ՛ք հին մարդը՝ հին կեանքով, մտածումներով ու գործերով, ու եղէք նո՛ր մարդ (հմմտ. Եփ 4։22):

Յորդորելով հաւատացեալները ամուր մնալ իրենց հաւատքին, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ Քրիստոսի հաւատալ կը նշանակէ նոր մարդ դառնալու յանձնառութիւնը ունենալ՝ հետեւելով Քրիստոսի աշխարհ բերած ճշմարտութիւններուն ու արժէքներուն: Մարդուն մէջ աստուածաստեղծ մարդը՝ ճշմարիտ մարդը քանդող ներկայ ժամանակներուն, կենցաղակերպերուն ու գործելակերպերուն դիմաց, որպէս քրիստոնեաներ, մենք կոչուած ենք կառչած մնալու Բեթղեհէմի խորհուրդին ու պատգամին: «Ներկայ տարին հայրապետական հռչակագիրով յայտարարեցինք «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»: Արդարեւ, մեր կեանքը հոգեւոր արժէքներով հարստացնել կը նշանակէ դառնալ Բեթղեհէմի մէջ ծնած Աստուծոյ Որդւոյն՝ զԻնք դաւանելով Փրկիչը աշխարհին եւ մեր «կեանքը, ճշմարտութիւնն ու ճամբան» (Յհ 14.6)», ըսաւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը։

Նորին Սրբութիւնը հայրապետական պատգամը եզրափակեց աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որպէսզի «Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդն ու Աստուածայայտնութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքը լեցնեն երկնային բարիքներով ու Աստուածային օրհնութեամբ՝ մեր կեանքէն հեռացնելով ամէն տեսակ չար ու չարիք եւ մեր ժողովուրդը առաջնորդելով դէպի Քրիստոսով սկսած երկնային թագաւորութիւն»։

Սուրբ Պատարագէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց պաշտօնական անձնաւորութիւններուն եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորութիւնները։